«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի այն յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն:
«Ատրպէյճանի Կ.Յ.-ը յայտարարած է, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն: Ես հիացած եմ այս վեհանձնութեան վրայ: Անոր փոխարէն թող մտածեն հայաֆոպիայի, երկիրին մէջ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան մակարդակին մասին: Վստահ եմ, որ ատրպէյճանցիներուն թոյլ պիտի տրուի մասնակցիլ Արցախի ընտրութիւններուն, եթէ ստանան մեր քաղաքացիութիւնը», «թուիթըր»ի մէջ գրած է Արտակ Պեգլարեան:
Ապրիլ 2020-ին Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ:
Իսկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Ատրպէյճանի մէջ պիտի կայանան 9 Փետրուար 2020-ին: