«Երկիր».-Աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հիւրընկալող կողմը ԳՄ ներկայացուցիչին ներկայացուցած է կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ: Իշխան Սաղաթէլեան երախտիքի խօսքեր ուղղած է յանձնախումբին` արժեւորելով այն ներդրումը, որ ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, նաեւ` հետեւանքներու վերացման ուղղութիւններով: ԳՄ ներկայացուցիչը շեշտած է այս ուղղութեամբ գրանցուած յատկապէս վերջին յաջողութիւնները, երբ 29 Հոկտեմբեր 2019-ին ԱՄՆ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, իսկ 12 Դեկտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտեսի եւ Թետ Քրուզի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող թիւ 150 բանաձեւը:
Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է մինչ օրս կատարուած աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու մասին շարք մը հարցեր:
Արեւմտեան ԱՄՆ այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը հիւրընկալուած է նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանէն ներս, զրուցած է աշակերտներուն հետ, ծանօթանալով դպրոցի առօրեային: Դպրոցի աշակերտները ԳՄ ներկայացուցիչին այցելութեան առիթով հանդէս եկած են փոքրիկ ներկայացումով, երգերով ու պարերով, որմէ ետք Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանած է անոնց` Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող բազմաթիւ հարցումներուն:
Աշխատանքային այցելութեամբ Լոս Անճըլըս գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան առանձին հանդիպումներ ունեցած էր Լոս Անճըլըսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ:
Իշխան Սաղաթէլեան ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Գրիգոր Թօփալեանի եւ կազմակերպութեան տեղւոյն կառոյցի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ այցելած էր Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի` Ֆրեզնոյի հայկական գերեզմանոցները, նոյն օրը ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան անդամներուն հետ քննարկած է շարք մը հարցեր:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 28 Յունուարին այցելած էր նաեւ Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարան: