«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ մղելու համար զանոնք զօրակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ամերիկեան աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկներուն։
Հայ Դատը քոնկրեսականներուն կ՛առաջարկէ 2021-ի պետական ամավարկին մէջ նկատի ունենալ հետեւեալները.
– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար «Հէյլօ Թրասթ»ի կողմէ հոն շարունակուող ականազերծման աշխատանքները.
– Առնուազն 90 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին՝ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.
– Արգիլումը Ատրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին։
Արշաւին միանալու համար՝ այցելել https://marchtojustice.org/issues/artsakh-aid-fy21 կայքէջը։