ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Սուրիոյ ֆութպոլի Դաշնութիւնը լուրջ բանակցութիւններ վարեց Թունուսի հաւաքականի նախկին մարզիչ Նապիլ Մաալուլի հետ, անոր վստահելու համար Սուրիոյ առաջին հաւաքականի մարզիչութեան պաշտօնը: Մաալուլ 24 ժամ տեւողութեամբ այցելեց Դամասկոս, հանդիպում ունեցաւ դաշնութեան նախագահ Հաթեմ Ղայէպի եւ Հաւաքականներու յանձնախումբի պատասխանատու Ապտուլ Քատէր Քուրտօղլիի հետ համաձայնելու պայմանագրութեան յօդուածներուն շուրջ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երթի վերջին փուլի մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց աղիւսակին վերջին դիրքը գրաւող Ճեզիրէ խումբէն: Լաթաքիոյ մէջ Թըշրին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարամէն, իսկ Ճէյշը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆըթուէին: Մնացեալ խումբերուն մրցումներուն արդիւնքը հետեւեալն էր՝ Հըթթին-Ուասպէ 1/1, Սահէլ-Ճապլէ 2/2, Ուահտէ-Նաուաաիր 1/0, Շըրթա-Թալիաա 1/0:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՆԻՒՔԱՍԸԼ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ ՄԻԱՑԱՒ ԱՐԱՐԱՏ ԱՐՄԵՆԻԱՅԻՆ 
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ-Արմենիան ձմեռնային փոխադրաշրջանէն օգտուելով, կազմին միացուց 33-ամեայ ֆրանսացի Եոհան Քուֆրանը: Եոհան նախապէս մաս կազմած է Կան, Պորթօ անգլիական Նիւքասըլ Իւնայթըտ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական այլ խումբերու:
Եոհան Պորթոյի խումբին հետ արժանացած է Ֆրանսայի ախոյեանութեան, Ֆրանսայի նախագահի եւ Սուփըր բաժակակին: Յիշենք որ Հայաստանի ֆութպոլի առաջնութիւնը կրկին պիտի սկսի 28 Փետրուարին: Այժմ Հայաստանի առաջնութեան բարձրագոյն խումբի մրցաշարքային աղիւսակը կը գլխաւորէ Լոռին, որ ունի 28 կէտ,  27 կէտ ունին նաեւ Արարատ Արմենիան, Ալաշկերտը եւ Արարատը:
ՍԱՐԳԻՍ ԱԴԱՄԵԱՆ՝ ՀՈՖԵՆՀԱՅՄԻ ԱՄՍՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի  կիսապաշտպան Սարգիս Ադամեան դարձաւ   Հոֆենհայմի ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստ: Ըստ Արմենփրեսի, ամփոփելով Յունուար ամիսը՝ Հոֆենհայմը  իր պաշտօնական կայքին մէջ  կատարած քուէարկութեան համաձայն,  Յունուար ամսուան լաւագոյն խաղացող ընտրուած է Սարգիս Ադամեան ապահովելով ձայներու 74 տոկոոս: Աւելցնենք, որ 26 տարեկան Ադամեան գերմանական խումբին միացաւ 2019-ին, եւ այդ օրէն այս երկրոորդ անգամն է, որ կը դառնայ լաւագոյն խաղացող:
ՄԻՔԱՅԷԼ ԱԼՈՅԵԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՔԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԵԱԿԱՆԻՆ
Եւրոպայի եռակի ախոյեան, 2012 թուականի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, ռուսահայ բռնցկամարտիկ Միքայէլ Ալոյեան փափաք յայտնած է մասնակցելու Թոքիոյի  2020-ի ամառնային  ողիմպիական խաղերուն:
Sport Express-ին հետ զրոյցին ան ըսած է. «Ես հանդէս եկած եմ արհեստավարժ մրցումներով, բայց հիմա ողիմպիականին միջոցաւ կ’ուզեմ մասնակցիլ նաեւ սիրողական մենամարտերու: Թոքիօ -2020-ին մասնակցիլը հպարտութիւն է, որովհետեւ ես ունիմ անոր մասնակցելու իրաւունք»: 
Յիշեցնենք, որ 31-ամեայ Ալոյեան դարձած է Եւրոպայի ախոյեան 2010, 2011 եւ  2013 թուականներուն:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ  ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ԹԻֆԼԻՍԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան ( այսուհետ՝ ՀՖԴ) պատուիրակութիւնը այցելեց Թիֆլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի ֆութպոլի ղեկավարներւն հետ: Ըստ ՀՖԴ մամլոյ ծառայութեան, կողմերը քննարկած են երկու դաշնակցութիւններուն միջեւ  գործակցութեան հետագայ հեռանկարները եւ փոխյարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւնները: Կողմերը նաեւ համաձայնած են ձեւաւորել միասնական յատուկ համակարգ, որուն միջոոցով երկու երկիրներու տարբեր տարիքային խումբերը պիտի կարենան կատարել բարեկամական մրցումներ եւ ուսումնամարզական հաւաքներ:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին դաշնութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, գլխաւոր քարտուղար Արթուր Ազարեան, գործադիր անդամ Կարէն Շապոյեան եւ դեսպան Խորէն Յովհաննէսեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՈՖԻԱ  ՔԵՆԻՆԻ  ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ամերիկացի Սոֆիա Քենինի յաղթանակով աւարտեց թենիսի Աւստրալիոյ բաց առաջնութեան կանանց մրցաշարքը:Եզրափակիչ մրցումին  21-ամեայ մարզիկուհին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել  Գարբին Մուքուրուզան՝ 4-6, 6-2, 6-2 արդիւնքներով: Հանդիպումը տեւեց 2 ժամ եւ 3 վայրկեան: Այս առաջին անգամն էր, որ Սոֆիան ձեռք կը բերէր այսպիսի մեծ մրցաշարքի մը տիտղոսը: Ան ստացաւ երկու միլիոն 824 հազար ամ. տոլար:  Ամերիկացին միաժամանակ դարձաւ Աւստրալիոյ առաջնութեան ամենաերիտասարդ ախոյեանը՝ ռուս Մարիա Շարափովայէն ետք: Շարափովա այս տիտղոսին արժանացած է քսան տարեկանին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան