Ամէն առտու, երբ կ’արթննայի դպրոց երթալու համար, դժգոհելով կը տրտնջայի: Ո՛չ կը սիրէի դպրոցը, ոչ ալ դաս սորվիլը: Չուզելով կը կատարէի դպրոցի տնային պարտականութիւներս: Տարիներ անցան, եւ ես հիմա  տասներկրորդ դասարան եմ: Դպրոցիս հաշուըւած օրեր մնացած են: Ուրախ չեմ որ պիտի ձգեմ դպրոցս, ընկերներս:
Տարուան սկիզբէն ամէնէն կը լսէի.
-լրջօրէն կեդրոնանալ:
-Ամէն ինչ ձգել եւ միայն դաս ընել:
– Եղածը մէկ տարի է, կը վերջանայ:
Ես կատակի առած էի ըսուածները: Միշտ կ’ըսէի. «Շաբաթավերջին աւելի լաւ կը սորվիմ»:  Եկան արձակուրդները:  Գրեթէ առանց սորվելու անցուցած էի օրերս:  Երկրորդ կիսամեակը արդէն իսկ սկսած էր: Ես կը շարունակէի նոյն ընթացքս:  Առաջին  կիսամեակի արդիւնքները երբ ստացայ, համոզուեցայ որ այսպէս շարունակելու պարագային՝ տեղ  չեմ  հասնիր: Խելքս գլուխս հաւաքեցի եւ սկսայ սորվիլ:
Դասարանակիցներս ու ես, ամէնքս,  ջղային վիճակի մէջ ենք: Աննշան բանէ մը իսկ  շուտով կը բռնկինք:  Արդեօ՞ք դասերէն է, դպրոցական  մթնոլորտէ՞ն, թէ՞ ելեկտրականութեան  անկանոն  վիճակէն, որ  մեր ջիղերուն հետ կը խաղայ:   Մեր դասարանին  դպրոցական հաշուըւած օրեր մնացած են,  շուտով  վերջնականապէս  պիտի ձգենք մեր սիրելի դպրոցը ու պիտի կարօտնանք զինք: Պիտի կարօտնանք մեր չարաճճիութիւնները,  մեր պզտիկ անկարգութիւններն ալ պիտի չմոռնանք անշուշտ:  Պիտի կարօտնանք ընկերային մեր կեանքը: Ամէն մէկս կողմ մը պիտի երթայ…:
Ու  հիմա, ամէնէն կարեւորը. Պաքալորիան մեր ապագան կ’որոշէ, դժբախտաբար:  Նիշն է, որ պիտի որոշէ, թէ ինչ  ճիւղ կրնանք ուսանիլ, բայց ոչ թէ ինչ կ’ուզենք ուսանիլ:  Այո՛, կա՛ն  անձնական համալսարաններ, բայց ամէն ծնողք կարողութիւն չունի  իր զաւակը հոն ղրկելու:
Դասարանցիներուս  սրտանց համբերութիւն կը մաղթեմ: Բոլոր անոնց, որոնք կը չարչարուին, որ տեղ հասնին: Սրտանց բոլորին կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ բարին:
Ա՜խ այս պաքալորիան:
Հիւանդ կը դարձնէ ամէնքը:
Քրիստին Աշըգեան
ԺԲ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան