Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Լաթաքիա, ուր դիմաւորուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեանի կողմէ, ներկայութեամբ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողքներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ համախմբուած հաւատացեալներուն եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն, պարզաբանելով Տեառնընդառաջ տօնի խորհուրդը, որ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումի տօնն է:
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ համախմբուելով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լաթաքիոյ հօտի առօրեային մասին մօտէն հետաքրքրուելուն համար:
Սրբազան Հայրը խօսք առնելով գնահատեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղականութեան, եկեղեցական եւ ազգային մարմիններուն տարած աշխոյժ գործունէութիւնը, ապա աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը կատարեց:
Տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները փունջ մը հայրենասիրական երգերով ոգեւորեցին ներկաները, որմէ ետք բոլորը բարձրացան դպրոցի սրահ, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:

Յիշենք, որ Սրբազան Հայրը հովուական այցելութեան ընթացքին առանձին հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ ու մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց տարած գործունէութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: