Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր եւ Արցախի նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք մտահոգութիւններ կա՞ն այն գծով, որ աւելի քան տարի մըն է նախագահական տարբեր թեկնածուներ հանդիպումներ կ՛ունենան առանց պաշտօնական քարոզարշաւի մեկնարկի, ըսաւ. «Կուսակցական շինարարութիւն, ծրագիրի հիմնադրոյթներու ներկայացում եւ այլն, այդ ամէնը կատարուած է քարոզարշաւի քողին տակ, որ մենք բնութագրած ենք իբրեւ նախընտրական կանուխ քարոզարշաւ եւ որոշակի մտահոգութիւն յայտնած ենք»:

Ըստ անոր, այդ մտահոգութիւններուն կարգին հիմնականօրէն պէտք է շեշտադրենք քաղաքական դաշտի տրոհումը եւ հասարակութեան մէջ բեւեռացման յառաջացումը: Նկատելի է որոշակի բեւեռացում` տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունեցող շրջանակներուն մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ լուրջ հակադրութիւններու:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ մամուլին մէջ պարբերաբար շրջանառութեան մէջ կը դրուին լուրեր, որոնց համաձայն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունի իր նախընտրելի թեկնածուն, որ Արայիկ Յարութիւնեանն է` Դ. Իշխանեան նշեց. «Այստեղ որոշակի կեղծ քայլեր ձեռնարկուած են, որոնց արդիւնքով հասարակութեան եւ մեր ընտրողներու ենթագիտակցութեան մէջ կը փորձեն արմատաւորել այդ փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ունին իրենց նախընտրած թեկնածուն», ընդգծեց ան:

Դ. Իշխանեանի համաձայն, հոս խնդիրը այս կամ այն անձը չէ, այլ այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է, բնականաբար, Արցախի իշխանութիւններուն հետ ունենան բնականոն գործունէութիւն եւ յատուկ վերաբերմունք չցուցաբերեն այս կամ այն թեկնածուին նկատմամբ, բոլորն ալ պէտք է ընդունելի ըլլան Հայաստանի համար, եւ ընտրուած նախագահը պարտաւոր է սահուն գործունէութիւն ապահովել Հայաստանի հետ:

«Թերթ»-ին լրագրողը հարցուց, թէ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահի թեկնածուներուն հետ հանդիպման մտահոգիչ որեւէ յայտարարութիւն կատարուա՞ծ է. Իշխանեան մտահոգիչ նկատեց Փաշինեանի այն արտայայտութիւնը, որ` «եթէ Արցախի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքը եւ նախընտրական գործընթացները չընթանան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն համահունչ, ես ստիպուած պիտի ըլլամ ուղղակի կոչով դիմելու Արցախի ժողովուրդին»: Դաւիթ Իշխանեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կայ ասոր տակ: «Ես ունիմ որոշակի մտահոգութիւններ, ատիկա ուղղակի միջամտութիւն է: Սակայն անոր կարիքը պիտի չըլլայ` հաշուի առնելով Արցախի մէջ ձեւաւորուած ընտրական համակարգը եւ մեր ընտրութիւններու ընդհանուր պատմութիւնը անցեալ 20-25 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ», շեշտեց Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վարչապետին` Դաշնակցութիւնը հեռացող գնացքին հետ համեմատութիւնը կրնա՞յ ազդել Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին վրայ` ան ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետին կողմէ այդ անհիմն եւ ոչ իրական թեզերով քննադատութիւնը Դաշնակցութեան հասցէին միմիայն կրնայ իր հեղինակութիւնը արժեզրկել եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան: Կը կարծեմ` մեր ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնայ եւ կը գիտակցի Դաշնակցութեան արժէքը, տեղը եւ դերը: Արցախի մէջ այս 25 տարիներուն ընթացքին մենք կրցած ենք մեր ժողովուրդին Դաշնակցութեան սկզբունքները եւ անոր դերակատարութիւնը, առաքելութիւնը ճիշդ ներկայացնել ու մատուցել»: