Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կրօնական ժողովի հանդիպումը:

Ժողովական հայրեր յաջորդաբար քննարկեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, Դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին, յառաջիկայ միաբանական ժողովին, Նուիրապետական Աթոռներու հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ այժմէական հարցերու առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ: Վերոյիշեալ օրակարգի նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկոյցներ ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ: