«Ասպարէզ».- Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային Վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի երեկոյեան հիւրընկալեց Լոս Անճելըս գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Հայրենի հիւրին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ տոքթ. Գարմէն Օհանեան, իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան, Այտա Տիմիճեան եւ Հրայր Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ եղան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան: Սոյն հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ Նորա Չափարեան եւ Ռաֆֆի Վարժապետեան, Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Քնար Գորթոշեան եւ անդամներ՝ Լիւսի Չուխաճեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան:
Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ ողջունեց հիւրը ՀՕՄ-ի տան մէջ եւ ծանօթացուց բոլոր ներկաները: Փօլատեան յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ը հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ զանազան ծրագիրներ կ՛իրականացնէ եւ պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել: Փօլատեան յաջողութիւն մաղթեց Իշխան Սաղաթէլեանին՝ իր պատասխանատուութեան եւ հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:
Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց առիթին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական, բարեսիրական եւ հայ ժողովուրդին ծառայական աշխատանքները եւ հայապահպանման մէջ ՀՕՄ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ հիւրերը շրջագային կեդրոնին մէջ՝ ծանօթանալով ՀՕՄ-ի Հոգեբանական կեդրոնի եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործունէութեանց:
Հանդիպումին աւարտին, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէն Սաղաթէլեանին յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ը խորհրդանշող յուշապնակ մը: