Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր դիմաւորուեցաւ Արժ. Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան կողմէ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն հետաքրքրուելով Քեսապի հաւատացեալ հօտի առօրեային, հանդիպումներ ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի եւ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի աշակերտներուն հետ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական-ազգային մարմիններուն հետ:
Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Սուրբ Պատարագը հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Հակառակ անբարենպաստ ցուրտ կլիմային, եկեղեցին լեցուած էր հոծ հաւատացեալներով:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն ՍՕԽաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի ննջեցեալ ընկերուհիներու անմար յիշատակին:
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ ՍՕԽաչի անդամուհիներուն հետ, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անոնց եւ հանգուցեալ անդամուհիներուն յիշատակին «Հոգւոց» արտասանեց: Սրբազան Հայրը մատնանշելով Քեսապի ՍՕԽաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի աշխոյժ գործունէութիւնը, գնահատեց անդամուհիներուն անսակարկ ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Ապա Սրբազան Հայրը այցելեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն, որոնք հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական հոգեպարար յայտագիրով իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութեան առիթով: Սրբազան Հայրը տօնական այս օրերուն անոնց պարզաբանեց Սուրբ Սարգիսի, Տեառնընդառաջի եւ Սրբոց Վարդանանց տօներու, ինչպէս նաեւ Մեծ Պահքի խորհուրդները: Ան գնահատական խօսք ուղղեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչներուն՝ իրենց աշխոյժ գործունէութեան համար:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ՝ Կրօնական Ժողովի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Թրթռեանի, իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան, ներկայութեամբ՝ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, պետական տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին: «Սարդարապատ» սրահէն ներս համախմբուած աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներուն նուիրուած երգերով արտայայտեցին ազգային-եկեղեցական տօներուն հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութիւնը: Ճեմարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց օրհնաբաշխ այցելութեան առիթով: Այնուհետեւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին տարած բծախնդիր աշխատանքը: Ան խրախուսեց աշակերտները, գնահատեց իրենց կապուածութիւնը ազգային-եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով նոր կեանքի յոյս ներշնչեց անոնց, մաղթելով բարեյաջող ուսումնական երթ: Տէր Մասիս Եպս. իր ուրախութիւնը յայտնեց սուրիական բանակին վերջին ձեռքբերումներուն համար եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բանակի զինուորներուն եւ երկրի Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշար Ալ Ասատին, մաղթելով բարօր օրեր սուրիական մեր հայրենիքին:
Աւարտին հոգաբարձութիւնը առ ի երախտագիտութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու կողմէ պատրաստուած
«Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան Եւ Նոյնանուն Երկրորդական Վարժարանի» գիրքի առաջին հատորը:
Չորս օրերու ընթացքին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մեր հաւատացեալները նոր թափ եւ եռանդ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբաշխ այցելութեամբ: