Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ յայտնեց, որ կը նախատեսուի որ Սուրիոյ խորհրդարանը այսօր քուէարկէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ մը։ Ան վստահեցուց, որ Օսմանեան Կայսրութեան պատմութիւնը լեցուն է Սուրիոյ ժողովուրդին այլազան բաղադրիչներուն ջարդերուն արհաւիրքով, հայեր, սուրիանիներ եւ այլք։
Խորհրդարանը իր օրակարգին վրայ պիտի ներառնէ Սուրիական-Հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան Յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած 20-րդ դարուն Օսմանեան Կայսրութեան թուրք իշխանաւորներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի այլ բաղադրիչներու ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հաստատող բանաձեւը։ Սալեհ «Ուաթան» ին յայտնեց նաեւ, որ խորհրդարանը նախապէս արծարծած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայ զոհերուն, սակայն անհրաժեշտ էր ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշում գոյացնել։ Այս իսկ պատճառով այսօր բանաձեւը պիտի քննարկուի եւ քուէարկուի խորհրդարանի նիստին ընթացքին։

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան դիտել տուաւ, որ աւելի քան 30 երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ նախապէս մէկէ աւելի երեսփոխաններու կողմէ արծարծուած է այս նիւթը, իսկ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խորհրդարանը յատուկ նիստով յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։

ՀՀ մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ կարեւոր համարելով ճանաչումը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործողներուն ժառանգորդները այսօր նոյն ոճիրները կը գործեն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, ահաբեկիչներու ձեռամբ։ Ան յայտնեց, որ ճանաչումը կարեւոր է, որովհետեւ արաբական երկիրներու մէջ ցարդ միայն Լիբանանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Խորհրդարանի արաբական եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մրճենէ շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, անոր յաջորդեց նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն վրայ ասորիներուն եւ սուրիանիներուն սպանդը։ Ժամանակն է ճանչնալու եւ դատապարտելու այս անմարդկային արարքներն ու կանխելու անոնց կրկնութիւնը, յատկապէս որ մեծաթիւ երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։