Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հաստատեց 5 Ապրիլին տեղի ունենալիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կազմակերպման եւ կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը, որուն համաձայն, Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 17 Փետրուարին:
«Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշում՝ հիմք ընդունելով նախագահին հրամանագիրը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 5 Ապրիլին կայացնելու վերաբերող: Ընտրական օրէնսգիրքի ու հանրաքուէի մասին օրէնքին համաձայն, մշակուած է ժամանակացոյց: Համաձայն հանրաքուէի մասին օրէնքին, հանրաքուէի քարոզչութիւնը կը սկսի հանրաքուէ նշանակելու մասին նախագահի հրամանագիրի պաշտօնական հրապարակումէն ետք 7-րդ օրը եւ կ’աւարտի հանրաքուէէն մէկ օր առաջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նախընտրական քարոզչութեան փուլը կը սկսի 17 Փետրուարէն», բացատրեց յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: