Ամիս մը առաջ էր, երբ մեր բարեկամներէն մին հետեւեալը հարցուց.
-Ո՞ւր մտադիր էք տօնել «Վալընդայն»ը:
-Խնդրեմ մեզի այս հարցումը մի՛ ուղղէք,- վճռական եղաւ պատասխանս:
-Բայց ինչո՞ւ, դուք տակաւին նորապսակ զոյգ կը համարուիք, ինչո՞ւ այսպէս կը մերժես գաղափարը:
Իրականութիւնը այդպէս չէ, այսինքն եթէ տօնին բուն իմաստը զանց առնենք, թէ Վալընդայնը երրորդ դարուն, Հռոմի մէջ ապրած սուրբ մըն էր, որ կ’ըսուի թէ յանուն սիրոյն նահատակուած է, եւ կեդրոնանանք սիրոյ գաղափարին վրայ՝ կեցուածքս դրական պիտի ըլլայ: Ինչո՞ւ մերժեմ սէրը, միթէ՞ անկէ աղուոր բան կայ: Թէեւ անձնապէս նկատողութիւններս ունիմ այս տօնին առնչուող չափազանցութիւններուն շուրջ: Եկէ՛ք խօսինք քանի մը երեւոյթի մասին:
Առաջին: Տիկիններ, տագնապի մատնուած, խուճապահար կը վազվզեն «Մոկամպոյ»ի այս կամ այն խանութը, նամանաւա՛նդ այն թրքական ապրանք ծախող խանութը , «Սիրոյ տօն»ի խրախճանքին իւրայատուկ ձեւով ներկայանալու եւ ինքնատիպ հագուստ մը ապահովելու համար, ապա գլուխն ի վեր կը բարձրանան «շինիոն» ները եւ առատօրէն կը գծագրուին երեսները: «է հա՛, վալընդայն է», չիմանալով, թէ ո՞րն է կարեւորը, սիրեկանին հաւանութի՞ւնը, թէ խրախճանքի ընթացքին ցուցադրութիւնը:
Երկրորդ: Ինչո՞ւ սէրը վաճառականութեան վերածել: Շաբաթ մը առաջ արդէն շուկան ամէնուրեք կարմիր է. կարմիր հագուստներ, կօշիկներ, զարդեղէն, յուշանուէրներ եւ արջուկներ, շա՜տ արջուկներ: Անցեալ օր, զորօրինակ, 2 մեթր բարձրութեամբ արջ մը տեսայ, գինն ալ 30.000 է եղեր: Պահ մը մտածեցի, արդեօք գնող կա՞յ, իսկ եթէ ամուսինս այսպիսի արջ մը նուիրէ ինծի, տունին ո՞ր անկիւնը պիտի տեղադրեմ: Կ’երեւի արջին հասակը սիրոյ քանակին չափանիշն է: «Սակայն ինչո՞ւ արջ», քթիս տակէն կը մրթմրթամ:
Միթէ՞ վարդ մը բաւարար չ’ըլլար… հակառակ անոր, որ վերջինս ալ արջին հետ մրցելով բարձր սակագիներ սկսեր է արձանագրել: Վաճառականութիւն, լրի՛ւ վաճառականութիւն: Միթէ՞ սիրոյ քնքուշ խօսք մը այս բոլորէն աւելի հարազատ չէ՞, կամ սիրոյ անկեղծ նայուածք մը այս բոլորէն աւելի՛ թանկագին…:
Երրորդ: Շատեր պիտի ըսեն անիմաստ տօն է, ինչու սիրելը օ՞ր կ’ունենայ: Այսինքն եթէ 14 Փետրուարին սիրեցինք, 15-ին կը դադրի՞նք սիրելէ:
Այդպէս չէ, սակայն երբ շատ անգամ առօրեայ կեանքի ճնշումներու եւ բազմազբաղութեան քաոսին մէջ ընկղմած ես, սիրոյ տօնը առիթ մը կը հանդիսանայ միօրինակութենէ դուրս գալու համար: Այսինքն մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ պարզունակ ընթրիք մը, սիրոյ մեղմիկ խօսք մը, ձեռքի հպում մը, հինէն ու նորէն սիրային յիշատակ մը եւ երգ մը արդէն կը թարմացնեն սրտերը, կը նորոգեն հոգիները եւ կը քաղցրացնեն սէրը:
Վերադառնալով մեր նիւթին, եթէ ընթերցողը ըսէ՝ «Հիմա չգիտցանք ի՞նչ է հարցդ սա վալընդայնին հետ», պիտի ըսեմ թէ 14 Փետրուարը լուրջ անհանգստութիւն ներշնչող թուական մըն է ինծի համար, որովհետեւ, մեր ամուսնութեան առաջին տարիէն իսկ, ամէն անգամ երբ մտածէի ծրագիր մը յղանալ՝ թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի տօնենք սիրոյ տօնը, փորձանք մը կը պատահէր: Օրինակ. տարի մը ամուսինս պահեստի զինուոր տարին, յաջորդ տարին ընտանիքիս մէջ մահ պատահեցաւ, եւ այլն, եւ այլն… հետեւաբար, մեկնելով այս բոլորէն, իմ եւ «Վալընդայն»ին կապերը ամբողջովին խզուած են: Որոշած ենք մեր միամեայ տղեկին հետ Տեառնընդառաջը տօնել: Եւ ի՞նչ կայ անկէ աւելի հաճելի տօն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն տօներէն մէկը, 14 Փետրուարին, Սուրբ ծնունդէն քառասուն օր ետք, որուն առնչուող սովորութիւնները կը շարունակուին կեանքի կոչուիլ մեծ շուքով, ուրախութեամբ՝ հանդիսութիւններով:
Մեր մանչուկը եկեղեցի պիտի տանինք, ներկայ պիտի գտնուինք ժամերգութեան, ապա եկեղեցւոյ բակը կատարուելիք հրավարութեան: Ահա ա՛յս է ամէնէն հետաքրքրականը:
Ըստ աւանդութեան, պէտք է ներկաները խարոյկին շուրջ հաւաքուին, երգեն, պարեն, խաղեր խաղան, կրակին վրայէն ցատկեն կամ ալ իրենց հագած զգեստներէն կտոր մը այրեն, ձերբազատելու համար ամէն տեսակի չարիքէ, հիւանդութենէ, կամ վատ երեւոյթներէ: Տակաւին շարքը շա՜տ կ’երկարի… Երթանք տեսնենք, թէ այս բոլորէն որքա՞նը պահպանած ենք մինչեւ օրս:
Ուրեմն կրակը կը խորհրդանշէ ճշմարիտ լոյսը: Քրիստոսն է այդ լոյսը, եւ այդ խորհուրդով մենք մոմեր կը վառենք, տուն կը տանինք զանոնք՝ լուսաւորելու մեր կեանքը:
Միւս կողմէ, Տեառնընդառաջը զիս անմիջապէս Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի կը տանի, ուր կը սաւառնիմ դէպի մանկութեան յուշերս, երբ մօրս ձեռքը մէկ կողմէն, լապտերը այնքան զգուշութեամբ միւս կողմէն բռնած, նոյն թաղամասը գտնուող մեծ մայրիկիս տունը կ’ուղղուէի: Իսկ երբ ճանապարհին բրդավաճառներուն շուկայէն կ’անցնէի, կը լսէի, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին կ’ըսէր՝ «Այսօր հայերը ձմեռը այրեցին»: Այսինքն այդ օրէն վերջ պաղը պիտի մեղմանայ, օդը պիտի բարելաւուի եւ գարունը կամաց-կամաց պիտի ժամանէ:
Եւ ահա՛, այս տարի կարգը իմ մանչուկին է. այս անգամ ի՛նք լապտերը շալկած պիտի ուղղուի իր մեծ մօր տունը:
«Է՜հ, այս է կեանքը եղեր, երէկուան մանուկը այսօրուան մայրն է, իսկ անցեալին մայրը՝ այսօրուան մեծ մամին», կը մտածեմ:
Նանար Պապեան-Քիլէճեան