Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Աաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթի վարչութեան եւ խըմբագրակազմին, Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Գանձասար Բացառիկ 2020»ի շնորհանդէսը:
Շնորհանդէսի յայտագիրը ներկայացուցին «Գանձասար»ի խմբագրակազմի անդամները:
Հանդիսավար Մարէն Պապեան բարի գալուստ մաղթեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Հայ կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչին, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներուն ապա վեր առաւ Բացառիկի հրատարակութեան նպատակը, որ միշտ եղած է գրողներու այլազան նիւթերը մէկտեղել եւ գրական, հրապարակախօսական, տեղեկատուական եւ մանկապատանեկան գեղեցիկ համադրութիւն մը ներկայացնել ընթերցողին։ Ան դիտել տուաւ, որ պատերազմի պայմաններուն բերումով հնգամեայ ընդհատումէ ետք, երրորդ անգամ ըլլաով լոյս կը տեսնէ «Գանձասար Բացառիկ»ը շնորհիւ խմբագրակազմին եւ յօդուածագիրներուն հաւաքական աշխատանքին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստ Խրոյեան ու ըսաւ.«Մամուլը զանազան մտայնութիւններու, գաղափարներու, ստեղծագործական ճաշակի տէր գրողներու, վերլուծաբաններու նոյնիսկ սկսնակ գրողներու մտքերու փոխանակութեան հարթակ է: Թերթ կամ գիրք հրատարակելը ինքնանպատակ աշխատանքի կը վերածուի, եթէ չստեղծուի անոր կողքին, անոր հետ քայլ պահող ընթերցողներու շրջանակ: Այդ շրջանակին ընդմէջէն պիտի յառաջանայ նաեւ ազգային եւ հասարակական հարցեր արծարծող ու լուծումներ առաջադրող աշխատակիցներու փաղանգը: Ահա այս է, որ թերթը կենսունակ կը պահէ, հաւաքական աշխատանքի արգասիքի կը վերածէ, անկախ ամէն տեղ հնչող գրող ու ընթերցողի անկումի յանկերգներէն: Գրողն ու ընթերցողը պատահականօրէն ծնունդ չեն առներ, մտաւորական միջավայրի մէջ է, որ կը զարգանան ու կը հարստացնեն մեր ազգային-հասարակական կեանքը: Այս մտորումներէն մեկնած «Գանձասար» ընթերցողներու հետ հանդիպումի առիթներ ստեղծելով, հրատարակութիւններու նախաձեռնելով իր համեստ ճիգը կը ներդնէ նման միջավայրի ստեղծման ու պահպանման համար»: Խրոյեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ.«Շնորհանդէսի այս ձեռնարկն ալ իրականութեան մէջ «Գանձասար բացառիկ 2020»-ի նիւթերը գիրքի սահմաններէն դուրս հանել ու ընթերցողին հրամցնելն է, որպէսզի անոր էջէրուն վրայ արձանագրուած իւրաքանչիւր միտք, ճիգ ու գաղափար հասնի ընթերցողին»: 
Երեկոն իր թովիչ ձայնով ջերմացուց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ձայնամարզութեան աշակերտուհի Գարօլին Քէշիշեան, մեներգելով Կոմիտասի «Հով Առէք»ը եւ «Սիրտ Իմ Սասանի»ն:
«Գանձասար Բացառիկ 2020»ը ներկայացուց հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, «Գանձասար»ի սրբագրիչ Յուշիկ Ղազարեան, որուն ընթացքին գրութիւններէն մէջբերումներ կատարեց «Կկու»ի խմբագիր Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանը:
 «Գանձասար Բացառիկ 2020»ի բովանդակութեան անդրադառնալով Ղազարեան յայտնեց. «Պատերազմի պատճառով վեց տարուան ընդհատումէն ետք, ահաւասիկ երրորդ անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ «Գանձասար»ի բացառիկը, որ կը կրէ 2020, 20-20 հետաքրքրական թուանիշը: Լաւատեսութեամբ թեւակոխեցինք հետաքրքրական այս տարին, մենք մեզ դէմ յանդիման գտնելու այնպիսի դիպաշարի մը հետ, որ շատերու յոռետեսութիւն պատճառեց, սակայն մենք՝ հալէպահայերս, լաւատես ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք»: Ապա աւելցնելով ըսաւ.«Մեր ձեռքերուն մէջ կը կրենք «Գանձասար»ի բացառիկը, որ իր 216 էջէրուն մէջ կ’ամփոփէ մեր բոլորին յոյսերն ու ակնկալութիւնները: Արդէն իսկ կողքէն լաւատեսութիւն ներշնչող այս հրատարակութիւնը կարծէք մեզի կը յուշէ, որ անցնող տարին՝ 2019-ը կարելի է կոչել Վերականգնումի տարի»: Ապա ան համառօտ կերպով անդրադարձաւ բովանդակութեան, ներկայացնելով նաեւ բացառիկին կցուած «Կկու» մանկապատանեկան գունազարդ եւ բովանդակալից գրքոյկը (խմբագիր՝ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, նկարազարդող՝ Ռաֆֆի Քէշիշեան), որ որպէս մանկապատանեկան հրատարակութիւն ողջունելի ներկայութիւն մըն է:
Ղազարեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Թերթատելով 216 էջանի այս հատորը ընթերցողը չի կրնար լաւատեսութեամբ չլիցքաւորուիլ: Յատկապէս յետպատերազմեան փուլին, կարծէք Բացառիկը եղաւ հալէպահայութեան ժամադրավայրը: Հոն կը հանդիպինք բոլորս՝մեր հետաքրքրութիւններով, ուղղուածութիւններով ու դրսեւորումներով: Հոն կ’արձանագրենք եւ վաւերականօրէն պատմութեան կը յանձնենք արտակարգ այս պայմաններուն տակ մեր միութիւններու գործունէութեան եւ կառոյցներու վերաշինութեան ընթացքը»: Աւարտին ան իր երախտիքի խօսքը ուղղեց խմբագիրին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին սոյն հրատարակութեան աշխատանքին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան: Ան օրինակ բերելով ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի առաջին խմբագիրներուն անխոնջ աշխատանքը,- որոնք, ըստ իրենց նամակներուն, գաւառէ-գաւառ կը շրջէին նիւթեր եւ աշխատակիցներ ապահովելու «Դրօշակ»ին ու զայն դարձնելու հայ ժողովուրդի ազգային տենչերուն արտայայտիչը,- դիտել տուաւ, որ այսօր պայմանները փոխուած են, համացանցը հաղորդակցութեան դիւրութիւններ ստեղծած է, սակայն մամլոյ ներկայացուցիչները պէտք է բծախնդիր ըլլան լրատուական ու տեղեկա- տուական այս բաց համակարգին մէջ պահպանելու որակը, վաւերականութիւնը եւ այս համակարգը ծառայեցնեն մամուլի դերին լիարժէք պահպանման: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գանձասար»ի աշխատակիցներուն եւ մանաւանդ «Գանձասար Բացառիկ-2020»ի սուրիահայ, սփիւռքահայ եւ հայրենի յօդուածագիրներուն, որոնց արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն յօդուածներուն մէկտեղումը մտքերու փոխանակման նպաստեց՝ գրական-գեղարուեստական իւրայատուկ ճաշակ մը հրամցնելով ընթերցողին: Խմբագիրը շնորհակալական խօսք ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ իր մշտական քաջալերանքին համար, ապա նաեւ ՍՕԽ-ին եւ սուրիահայ այն բարերարներուն, որոնք Հայաստանէն, Քանատայէն եւ այլ երկիրներէ ընդմիշտ կապի մէջ մնացին «Գանձասար»ի հետ ու ամէն ջանք ի գործ դրին նիւթապէս նպաստելու «Գանձասար Բացառիկ»ի հրատարակութեան: Շնորհանդէսի կազմակերպական աշխատանքներուն անդրադառնալով խմբագիրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՍԵՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, ԱՄԺ Տան Խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի Տնօրէնութեան:
 Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց «Գանձասար Բացառիկ 2020»ի հրատարակութիւնը, ապա իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորանքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն, յատկապէս «Գանձասար»ի խմբագրակազմին, որ հակառակ տիրող պատերազմական պայմաններուն շարունակեց շաբաթական հերթականութեամբ տպագիր եւ առցանց թերթը հասցնել բոլորիս Սուրիոյ տարածքին եւ այլուր: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մեր գրողները ապրեցան մամուլի ճամբով, մամուլին ճամբով նաեւ դարձան դեսպանները մեր լեզուին ու մշակոյթին, մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան: Ապա ըսաւ. «Մամուլը ծանուցման միջոց չէ պարզապէս : Մեր հասկացողութեամբ թերթը մեր ազգային դիմագիծն է: Մեզի համար թերթ պահելը, եկեղեցի եւ դպրոց պահելու համազօր է: Թերթը մեր ձգտումները, երազանքները, մեզի յուզող հարցերը լոյսին բերող կարեւոր հարթակ է: «Գանձասար»ին գոյութիւնը մեզի համար մարտահրաւէր մըն է հոսանքն ի վեր թիավարելու»:
Աւարտին սրբազան հայրը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէրճեանը եւ «Գանձասար»ի խմբագրակազմի ներկայացուցիչները միատեղ կատարեցին գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան