Հինգ­շաբ­թի, 13 Փետր­ուա­րին Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նը մի­ա­ձայ­նութ­եամբ վա­ւե­րա­ցուց Սուր­ի­ա­կան-Հա­յաս­տան­եան Խորհր­դա­րա­նա­կան Բա­րե­կա­մու­թեան Յանձ­նա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւը, ճանչ­նա­լով ու դա­տա­պար­տե­լով 19-րդ դա­րու աւար­տին եւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան ծրագ­րած եւ իրա­գոր­ծած Հա­յոց Ցեղասպանու­թիւնը, դա­տա­պար­տե­լով նա­եւ անոր ու­րա­ցումն ու խե­ղա­թիւ­րու­մը եւ հա­մայն աշ­խար­հի խորհրդարաններուն ու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կոչ ուղ­ղե­լով ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու զայն։
Պէտք է հաս­տա­տել, որ Սուր­ի­ան ու անոր ժո­ղո­վուր­դը հիմ­նա­կան վկա­ներն էին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Սուր­ի­ա­կան անա­պատ­նե­րուն մէջ ող­ջա­կիզ­ուե­ցան պատ­մա­կան իրենց հայ­րե­նի­քէն բռ­նա­գաղ­թի են­թարկ­ուած ստեղ­ծա­գործ ու խաղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուր­դի մը զա­ւակ­նե­րը։ Տէր Զօ­րը, Ռաս ուր Այ­նը, Շե­տէ­տէն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու աճիւն­նե­րով ու արիւ­նով 20-րդ դա­րու մե­ծա­գոյն սպան­դին ող­բեր­գու­թիւնը հիւ­սե­ցին։ Մի­եւ­նոյն ատեն, սա­կայն, Տէր Զօրը խորհր­դա­նի­շը դար­ձաւ Եղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն յա­րու­թեան։
Այդ տա­րի­նե­րու սուր­ի­ա­կան մա­մու­լը, պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը եւ գրա­կա­նու­թիւնը հա­րուստ են փաս­տագ­րա­կան վկայութիւն­նե­րով, իսկ ժո­ղո­վուրդն ու հո­ղը կեն­դա­նի վկա­ներն են հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ի գործ դր­ուած ցեղասպանութեան։
Ահա թէ ին­չո՛ւ քա­ղա­քա­կան, իրա­ւա­կան եւ մարդ­կա­յին ինք­նու­րոյն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նին այս որո­շու­մը։
Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը հիւ­րըն­կա­լեց ու իր հա­սա­րա­կու­թեան ան­քակ­տե­լի մէկ մաս­նի­կը դար­ձուց հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րը, իսկ հա­յու­թիւնը նոր կեան­քի տե­սիլ­քով աշ­խա­տե­ցաւ ու նպաս­տեց Սուր­իոյ բար­գա­ւաճ­ման, ապ­րե­ցաւ նոյն տագնապները, դի­մագ­րա­ւեց նոյն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­հա­ւա­սար կեր­պով վա­յե­լեց նոյն բա­րիք­նե­րը այս երկ­րին, որ­պէս լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցի։ Ան իր արիւնն ու քր­տին­քը խառ­նեց սուր­ի­ա­կան հո­ղին ու պա­հե­լով իր ինք­նու­թիւնը սատարեց սուր­ի­ա­կան ինք­նութ­եան պայ­ծա­ռաց­ման եւս։
Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը կոչ մըն է Հա­մայն մարդ­կու­թեան, ան­պա­տիժ չթո­ղե­լու դա­հի­ճը, որով­հե­տեւ անպա­տիժ մնա­ցած ոճիր­նե­րը կը կրկն­ուին նոյն ոճ­րա­ծին մտայ­նու­թեամբ սնա­նող Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան ժառանգորդ­նե­րուն կող­մէ։ Այս իրո­ղու­թիւնը կը հաս­տա­տէ Սուր­իոյ վեր­ջին տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մը, որուն ըն­թաց­քին Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը, իր բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րով, ակա­նա­տե­սը եղաւ նոյն ծայ­րա­յեղ­նե­րու ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րուն։
 Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նը մէ­կէ աւե­լի ան­գամ­ներ ար­ծար­ծած էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, յար­գան­քի տուրք մատու­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տակ­նե­րուն։ Սուր­իոյ հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը տա­րի­ներ շա­րու­նակ զա­նա­զան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով, խորհր­դա­րա­նին ուղղ­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան թղ­թած­րար­նե­րով լու­սար­ձա­կի տակ պա­հած էին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծալ­քերն ու անոր հե­տե­ւանք­նե­րը ոչ միայն հայ, այ­լեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ողջ ժո­ղո­վուր­դին վրայ։ Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի հայ երես­փո­խան­նե­րը երախ­տար­ժան աշ­խա­տանք տա­րին ու կը տա­նին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­հաս­տատ­ման հա­մար։ Նոյ­նան­ման աշ­խա­տանք տա­րին սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը տար­բեր հար­թակ­նե­րու վրայ։
Մե­ծա­գոյն երախ­տի­քը, սա­կայն, պէտք է ուղ­ղել Սուր­իոյ նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին, որ ար­դար ու յան­դուգն ղե­կա­վա­րի յատ­կա­նիշ­նե­րով օժտ­ուած, միշտ պայ­քա­րե­ցաւ յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յա­նուն Սուր­իոյ, անոր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն եւ յա­նուն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար դա­տին։
Կը հա­ւա­տանք, որ յատ­կա­պէս Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի ճա­նա­չու­մով, արա­բա­կան աշ­խար­հը եւս պի­տի հե­տե­ւի յա­նուն մարդ­կու­թեան ու մարդ­կայ­նու­թեան թա­փուող այս ճի­գե­րուն, հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րով կան­խե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան արարք­նե­րուն կրկ­նու­թիւնը եւ վերջ տա­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ահա­բեկ­չա­կան շար­ժում­ներ հրահ­րող Թուրք­իոյ կործա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
Յար­գանք ու պա­տիւ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին։
«Գ.»