«Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւը վառ վկայութիւնն է հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ համակրանքին: Անիկա ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին վերաբերող յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կը նշէ. «Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ խորհրդարանի` Օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:
«Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ սանձազերծուած ցեղասպանութիւնը, որուն զգալի մէկ հատուածը իրականացած է այն ատեն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու ընդհանուր պատմական յիշողութեան մաս կը կազմէ:
«Սուրիացի ժողովուրդը` ականատեսը ըլլալով հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացած եղեռնագործութեան, առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Հազարաւոր վերապրածներ Սուրիոյ մէջ վերագտան իրենց նոր հայրենիքը` կազմաւորելով հայ ամէնէն ծաղկուն համայնքներէն մէկը եւ իրենց ներդրումը ունեցան Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ:
«Այսօր, երբ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի Սուրիոյ ժողովուրդը, մենք մեր համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: