«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական, հայկական հարցի «մասնագէտ» փրոֆ․ Սեյիթ Սերթչելիք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող թեզերը ներկայացնող հերթական դասախօսութեամբ հանդէս եկած է:
Սերրթչելիքը այս անգամ որպէս բանախօս հանդէս եկած է Իսթանպուլի Կազիօսմանփաշա շրջանի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցած «Հայկական հարցի յետին ծրագիրը եւ իրողութիւններ» խորագիրով նախաձեռնութեան ընթացքին:
Ժխտողականութեան պետական թեզերու համակարգողներէն մէկը հանդիսացող փրոֆեսորը անգամ մը եւս ներկայացուցած է հարցի մասին թրքական թեզերը` յայտնելով, որ հայերու տեղահանութիւնը կատարուած է այն պատճառով, որ անոնք պատերազմի ընթացքին համագործակցած են ռուսերուն հետ եւ ամէն ինչ կատարած են Օսմանեան Կայսրութեան դէմ:
Սերթչելիք յայտնած է, որ Հայկական հարցը այն նիւթն է, որուն վրայ թրքական կողմը պիտի աշխատի տարին 365 օր, այլ ոչ թէ սահմանափակուի միայն 24 Ապրիլով: Անոր համաձայն, թրքական կողմը բացի պատմագիտութեան ոլորտէն պէտք է նաեւ այս նիւթերով ֆիլմեր ու վաւերագրական տեսերիզներ պատրաստէ, որուն համար տակաւին բաւարար ֆինանսաւորում չունի:
Նշենք, որ աւելի ուշ Էրտողան նոյնպէս խօսած էր ժխտողականութեան աշխատանքները աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին` յայտնելով, որ նախատեսած են ընդլայնել աշխատանքները` անոնք համալրելով նոր գործիքակազմով:
Յիշեցնենք, որ Սերթչելիքի նախորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցած էր 1 ամիս առաջ Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ (պատմական Մարաշ) քաղաքին մէջ, ուր կազմակերպուած էր կրկին ցեղասպանութեան ժխտման թեզերու տարածման միտուած «Հայկական հարցը եւ անոր պատմական յետին ծրագիրը» խորագիրով գիտաժողովը: