Հո՛ս, օրէնքը օրէնք է։ Խիստ եւ հաւասար։ Բոլոր անոնք, որոնք ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ունէին եւ եօթանասուն տարիքը հասած եւ կամ անցած էին, անպայման ամէն հինգ տարին անգամ մը պարտաւոր էին նահանգային DMV ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ձեռք ձգելու գրասենեակ ներկայանալ, հոն տեսողութիւնը քննել տալ եւ ապա ճանապարհային օրէնքներու յատուկ գրաւոր քննութիւն «անցընել»։ Քանի մը անգամ ձախողելէ ետք, շատ հաւանաբար թեկնածուն պիտի զրկուէր մեքենայ վարելու արտօնագիր ունենալէ։ Հինգ տարի առաջ անցուցած էի քննութիւնը եւ յաջողած։ Իսկ հիմա օրէնքին համաձայն այս օրերուն, տարեդարձէս քիչ առաջ, դարձեալ պէտք էր, որ անպայման գրասենեակ ներկայանայի, նոյն պատճառներով։
Է՜հ, ի՞նչ շուտ անցած էին օրերն ու շաբաթները եւ երազի նման՝ տարիները։ Ուստի դպրոցական աշակերտի նման, անձայն եւ անշշուկ, սենեակէս ներս, քնութեանս ճշդուած թուականէն տասը օրեր առաջ, վերաքաղիս սկսած էի։ Այսպէս, երթեւեկութեան նշաններու եւ մեքենայ վարելու նոր եւ հին օրէնքները սերտել, ես ինծի հարցումներ հարցնել, մօտս գտնուող քննութեան հին հարցարանները ուսումնասիրել, եւ այլն։ Մէկ խօսքով՝ «դաս» սորվելու կամ քննութեան պատրաստուելու նման «բան» մը։ Ու այս ձեւով իբրեւ պարտաճանաչ եւ թէեւ տարիքոտ «դպրոցական», քննութեան համար նախապէս առած ժամադրութեանս արդէն պատրաստ էի։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, անցեալ անգամ քննութիւնս հայերէնով «տուած» էի։ Բայց եւ որովհետեւ հարցարանս «վրաս գրէ» օտարախառն արեւելահայերէնով եւ ինծի համար հազիւ անհասկնալի բառերով գրուած էր, դարձեալ շփոթի չմատնուելու համար, այս անգամ որոշեցի անգլերէն տարբերակը։
Պէտք է ըսել, որ բարի սովորութեանս համաձայն, որեւէ խոստացուած ժամադրութեանս, միշտ աշխատած եմ ճշդուած ժամանակէն առաջ տեղ հասնիլ։ Սակայն այս անգամ… չար սատանայ, կնոջս հազիւ մնաք բարով ըսած էի, յանկարծ մեծ տղաս հեռաձայնով կը հաղորդէր, որ այսօր, իր մանչուկը, մեր ութ տարեկան թոռնիկը՝ Հայկը դպրոց չէր գացած, որովհետեւ տաքութիւն ունեցած էր։ Կը հազար եւ զիս կը փնտռէր…։ «Հաճիս մեզի հանդիպիր…» այսքան։ Խնդրած էր մեր տղան։
Բայց յանկարծ յիշեցի, որ այսօր ե՛ս, մեր միւս թոռնիկը՝ Վանան, դպրոցէն արձակուելէ ետք, «պիտի վերցնէի» ու միասին «համպըրկըր» ուտելու պիտի երթայինք: Խոստացած էի: Մեծ հօր՝ պապիկի հաստատ խոստումով:
Իսկ հիմա…: Ո՞ր մէկը պէտք էր որ ընէի: Ո՞ր մէկուն հասնէի…քննութեանս… Հայկին… թէ ոչ Վանայի դպրոցին…: Ուղղակի շուարած էի: Սակայն գիտէի, որ այս երեք «հարցերուն» լուծումները միայն ու միայն ինձմէ կախեալ էին: Ուստի որոշեցի նախ անպայման քննութեան ներկայանալ եւ ապա միւսները…Աստուծոյ վրայ ձգել։ Որովհետեւ՝ «Աստուած՝ մեծ է»:
Ու ես ինծի հետ խօսելով ու համոզելով, հասայ քննութեան վայրը: Մտայ շէնքէն ներս։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ բազմութիւն։ Անբնական կացութիւն։ Այնքան զարմանալի, նոյնքան ալ իրական։ Կարծես Հալէպի Կիրակի պազարը ըլլար եւ կամ՝ Շաբաթ օրերու շուկայի բաղնիքը: Ամէն տարիքի եւ սեռի մարդոցմով խճողուած խառնարան-սրահ մը: Բազմաբառ աղմուկ, ինչպէս որ կ’ըսեն։ Բարեբախտաբար, նախապէս ժամադրութիւն ունէի։ Շուտով զիս ընդունեցին։ Նախ՝ արձանագրուեցայ, ապա աչքի քննութիւնս անցուցի, ապա տուրքս ալ վճարեցի։ Յետոյ զիս ղրկեցին, որ նկարուիմ։ Ամենա վերջինը մեքսիքացի, գիրուկ պաշտօնեայ մը, ցուցամատովը նշան ըրաւ, որ գրաւեմ քննութեան սենեակի պատերը շրջապատող սեղաններուն վրայ կարգով շարուած եւ թուագրուած համակարգիչներէն թիւ վեցը, որ ազատ էր՝ այդ պահուն։
Կապուեցայ ձայնին ու հնազանդ, կանգ առի թիւ վեց համակարգիչին դիմաց։ Անմիջապէս վրայ հասաւ պաշտօնեան արագ մը բացատրեց, թէ ինչե՜ր պէտք էր, որ «ընէի» հասնելու համար հարցարանի «էջիս»։
Յանկարծ յիշեցի Հայկս։ Ուղեղիս մէջ սկսան ծփալ բազմաշերտ խոհեր։ Արդեօք ինչպէ՞ս եղաւ «ջոճուխը»…տաքութիւնը իջա՞ւ… հազը կեցա՞ւ…։ Ու ինքնաբերաբար ժպիտս կնճիռիս տակ կորսուեցաւ։ Անհանգիստ որոնում։ Բարեբախտաբար պաշտօնեան իր հաստ ձայնով եկաւ զիս զգաստութեան հրաւիրելու ։
Սինիօր, սթարթ եուր թեսթ…պարո՛ն, սկսէ՛ քննութեանդ.., այնպէս ոճով մը խօսեցաւ, կարծես անգլերէնը նոր սկսած էր սորվիլ։
Անդրադարձայ։ Ու անմիջապէս աջ ափիս մէջ ուժով մը սեղմած համակարգիչիս մուկով բացի առաջին հարցումը։ Կարդացի։ Անկեղծօրէն բան չհասկցայ։ Ինքնաբերաբար չորս կողմս նայեցայ։ Այդ վայրկեանին միայն հետապնդող աչքեր գտայ։ Զգացի որ շուարած էի։ Դիմացս բացուած լուսաւոր ապակիէ պաստառին վրայի գիրերէն սկսած էի վախնալ։ Նոյնիսկ սկսած էի դողալ։ Անօրինակ վիճակ։ Դասս լաւ սորված էի, ուրեմն ինչո՞ւ վախնալ…։ Յայտնի էր, թէ միտքս համակարգիչի պաստառէն հեռանալով, գացած եւ հասած էր մինչեւ Վանային։
-Ջօճուխը, արդեօք դպրոցէն ելա՞ւ…հիմա փողոցը ինծի պիտի սպասէ…մինակը…արդեօք…։
Զգաստացայ։ Կարդացի կրկին ու կրկին անգամ այդ անիծեալ հարցումը եւ պատասխանի նշանս մուկովս տեղաւորեցի։ Վայրկեանի սրբագրութիւնը կատարուեցաւ։ Կարմիր գծիկ։ Սխալած էի։ Ահա քեզի նոր մտահոգութիւն։ Եթէ այս ընթացքս շարունակէի, հաւանաբար հարցարանս սխալներով պիտի վերջանար։ Ու ձախողութիւն…։
Հոգեկան փոթորիկ մը ապրեցայ, որ կարծես իր հետ ճակտիս քրտինք ալ բերած էր։ Իսկապէս, որ ինկած էի յոյսի եւ յուսահատութեան միջեւ գտնուող անդունդին մէջ։ Թոռնիկներ եւ քննութիւն։
Ու, վա՜յ ինծի։ Հաւանաբար տակաւին քսանէ աւելի հարցումներ կային։ Գլուխս մէյ մը աջ ու ձախ տարի բերի։ Անհաւատալի։ Ապա, անցայ յաջորդ հարցումին։ Կարդացի ու առանց երկար բարակ մտածելու դասը գոց սորվողի նման պատասխանս արագ մը արձանագրեցի։ Դարձեալ կարմիրով նշուեցաւ տուփիկիս մէջ։ Իրապէս, որ մտահոգութիւններս խառնած էին մտքիս էջերը։ Ու նոյնիսկ իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ մտքիս փլուզումը սկսած էր։ Միւս կողմէ, կեդրոնացումս ալ կորսնցուցած էր իր կշիռքը եւ ու սկսած ման գալ թոռներուս առօրեայի հարցերուն հետ։ Մէկ խօսքով, մտքի խառնաշփոթ քարտէզ։
Ինչպէ՞ս կարելի էր բացատրել կեանքիս այդ պահու դաշտանկարը։ Յիշել եւ մտածել անկարելի էր։ Քննութեանս հարցարանը աչքէս հեռացած էր։ Կարծես ձախողութիւնը շարժելով իր թեւերը զիս իր ափին մէջ առած գրկած էր։ Անմիջապէս ինքզինքիս հաւաքեցի։ Վանան եւ Հայկը իրենց տեղը…իսկ այս քննութիւնս իր, ես ինծի կը պարտադրէի։ Պէտք էր գտնել արագ եւ ընդհանուր լուծում մը, ինքզինքս համոզել։ Միտքս կեդրոնացած պահելու անհրաժեշտութեան դիմեցի։ Մեծ ճիգով փորձեցի վանել այն բոլոր «օտար» մտածումներս ու ապրումներս, որոնք մագլցելով ուղեղիս պատերուն վրայ, գրաւած էին զայն։ Անոր համար ներքին ձայն մը զիս պարտադիր ուղղել սկսած էր։ Ինքնագիտակցութիւնս վրայ հասնելով թոռներուս հոգ տանելու, անոնց մասին մտահոգուելու անգիր պաշտօններէս կամովին հրաժարիլ կը թելադրէր։ Ու յոյսով լեցուն ձկնորսի նման, յիշողութեանս ուռկանը նետեցի սորված օրէնքներուս վրայ։ Փրկութիւն եւ յոյս կը մուրայի։ Բայց խառնակ մտքերով փրկութիւն կարելի չէր։ Շուրջս աչք մը նետեցի։ Բոլորը ինծի կը նայէին, կարծես ծանօթ ըլլային, զիս կը ճանչնային ու ձախողութիւնս կ’ուզէին։ Անմիջապէս որոշեցի կեանքիս շրջագիծը ճշդել։ Եւ ահա…խուճապը ձգելով դուրս քննութիւնս շարունակեցի։
Ու անկէ ետք ժամանակը աննկատ անցած ըլլալու էր, երբ իր ձայնը ծանր բռնած դարձեալ նոյն հսկիչ պաշտօնեան, մօտենալով ինծի հարց տուաւ, թէ ի՞նչ բանի կը սպասէի, արդէն հարցարանս ամբողջացուցած էի։
-Ֆալօ մի՛, հետեւէ՛ ինծի, ըսաւ, ձմրան ուշ պտուղի նման կնճռոտած դէմքով։ Հետեւեցայ։ Կապարի նման ծանր հայեացքով երկարեց յաջողութեանս թուղթը եւ ինքնաշարժ վարելու ժամանակաւոր վկայագիրս։ «Պաշտօնականը քանի մը շաբաթէն».- ըսաւ ու զիս ճամբեց։
Քննութիւնս անցած էի։ Տակաւին տասը վայրկեան առաջ կուտակուած նախապաշարումս կտոր-կտոր էր, փխրուն արձանի նման։ Իսկ հիմա կը զգայի, որ արիւնս ծերացած երակներուս մէջ իր նոր հոսքով կ’եռար։ Անմիջապէս ժամացոյցիս նայեցայ։ Իսկապէս, որ մթնոլորտս լեցուած էր նոր կեանքով։ Ուստի լեզուիս վրայ, սանկ երգ մը ծամելով, նոր երազ մը ունեցող մարդու նման դուրս եկայ շէնքէն։ Վանային «վերցնելու» պահը մօտեցած էր։ Որոշեցի Վանային հետ նախ Հայկին այցելել։
Ի՜նչ հաճոյք, թոռներու հետ ըլլալ։ Չեմ գիտեր ես էի ամէնէն ուրախը, թէ թոռներս։ Բայց անձնապէս այդ պահուն երջանիկ պապիկ մըն էի։
Գէորգ Պետիկեան