Հայ Առաքելական Եկեղեցին ամէն տարի 14 Փետրուարին՝ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդէն 40 օր ետք, կը յիշատակէ մանուկ Յիսուսին տաճարին ընծայաբերելու տօնը՝ Տեառնընդառաջը։
Ղուկաս Աւետարանիչ կը յայտնէ, որ Ս. Աստուածամայրը, յարգելով արու զաւկին ծնունդէն քառասուն օր ետք տաճար այցելելու, զոհ մատուցանելու եւ քահանայէն օրհնութիւն ստանալու աւանդութիւնը, քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ’աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ’օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:
Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցիին մէջ վառող մոմէն կը վառէին իրենց մոմերը՝ Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։
Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։
Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք։
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ «Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ» (Մատթ. ԺԱ։28)։
Տրնդեզ, Տեառնընդառաջ, Տանդառեջ, Տնդալեշ, Տառինջ-տառինջ, Դառդառանջ, Դոռոնջ, Մելետ եւ բազմաթիւ այլ անուններով յայտնի տօնը հայ ժողովուրդը հազարամեակներէ ի վեր կը յիշատակէ ։
Տօնի ժողովրդական աւանդութիւնը
 Ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Տեառնընդառաջի հիմնական ծեսը խարոյկ վառելն էր՝ այդ խարոյկին շուրջ տօնակատարութիւնը: Խարոյկը կը վարէին առաւելաբար ցորենի հասկերէն: Կրակին վարելուն ընթացքին կանայք սկուտեղի վրայ կը բերէին Տեառնընդառաջի տօնական կերակրատեսակները` փոխինձը, չամիչը, աղանձը, ընկոյզը, բոուած սիսեռը եւ կը պտտցնէին կրակին շուրջ: Այնուհետեւ անոնց մէկ մասը կը բաժնէին, միւս մասը ներս կը տանէին` երեկոյեան խնճոյքին համար: Երիտասաարդները կը դառնային խարոյկին շուրջբոլորը, իսկ երբ բոցը կը մեղմանար, կը սկսէին կրակին վրայէն ցատկել:
Հետաքրքրական էր Մուսա լերան շրջանի հայութեան սովորոււթիւնը: Տանտիկինը, բանալով դուռ ու լուսամուտ, ձմեռը կը քշէր՝ ներս կը հրաւիրէր գարուն-Մարտը:
Ըստ ժողովրդական աւանդոյթի՝ Տեառնընդառաջի օրը խնամիները փոխադարձ այցելութիւններ կը կատարէին, նոր հարս ունեցող ընտանիքին կ’այցելէին հարսին հարազատները: Խարոյկը կը պատրաստէին նոր փեսաները։ Տեառնընդառաջի տօնին էր, որ նոր փեսան պսակէն ետք առաջին անգամ կը հանդիպէր աներոջ: Այդ պատճառով ժողովրդական աւանդութեան մէջ Տեառնընդառաջը ընկալուած է որպէս փեսային աներոջ տուն այցելելու արգելքը վերացնելու հիմնական առիթ: Հին ատեն, նորապսակ երիտասարդները իրաւունք չունէին հարսին ծնողներուն եւ յատկապէս աներոջ հետ հանդիպիլ: Տրնդեզի կրակին վրայէն ցատկելը կը վերացնէր արգելքը,որմէ ետք ալ երիտասարդները իրաւունք կ’ունենային այցելելու ծնողներուն տունը: Այս է պատճառը, որ Տեառնընդառաջը ժողովրդական աւանդոյթին համաձայն կը վերաբերի նորապսակ զոյգերուն եւ ոչ թէ նշանուածներուն: