Տարուան իւրաքանչիւր ամսուան մէջ մեր ազգային եւ միութենական կեանքին առնչուող իւրայատուկ տօն մը կը զուգադիպի անպայման:
Փետրուար ամիսն ալ իւրայատուկ է ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն համար։
«Սկաուտի Օր»ը ամէն տարի Փետրուար ամսուն կը յիշատակուի յատուկ հանդիսութեամբ։ Այս որոշումը առնուածէ սկաուտական համաշխարհային 27-րդ համագումարին, որ կը զուգադիպի 22 Փետրուարին համաշխարահային սկաուտապետ Պէյտըն Փաուլի ծննդեան տարեդարձին։
Իսկ Սուրբ Գէորգը նկատի առնուած է որպէս սկաուտները հովանաւորող պահապան սուրբ։ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ըլլալով աւանդապահ, գիտակից եւ կառչած մնալով հայու ինքնութեան, «Սկաուտի Օրուան» տուած են հայեցի դիմագիծ, եւ Սուրբ Գէորգը փոխարինուածէ Սուրբ Վարդանով։ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Ա. Համագումարը Սկաուտներու օրը հռչակեց Վարդանանց տօնը, ոգեկոչելու Վարդանանց նահատակները եւ Աւարայրի դիւցազնամարտը, վառ պահելու հայրենիքի եւ կրօնքի սէրը ՀՄԸՄ-ական պատանիի հոգիին մէջ։
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ալ, որպէս հարազատ եւ նուիրեալ զաւակները առաջին քրիստոնեայ պետութեան, իմացեալ անմահութեամբ կու գան միանալու Վարդանանց լուսեղէն իտէալին, ազատատենչ ոգիին, հաւատարիմ մնալով քրիստոնէական, ազգային եւ հայրենասիրական սուրբ հաւատքին, տոկալու, ապրելու եւ դիմանալու այլասերող բոլոր չարիքներուն ու վտանգներուն դէմ։
Ահա թէ ինչո՛ւ իւրայատուկ է Փետրուար ամիսը ՀՄԸՄ-ական սկաուտին համար։
ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակն է պատրաստել բարձր ու անշեղ նկարագրի եւ բարոյական վեհ սկզբունքներու տէր անսասան եւ անձնուէր հայեր։
Սկաուտութիւնը ոգեշնչումի աղբիւր է, որովհետեւ կ’ազնուացնէ հոգին, կը սրէ միտքը եւ կը մարզէ մարմինը. վերջապէս կը կերտէ առողջ եւ ուժեղ անհատը։
ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը իր տարբեր բաժանմունքներով կը հանդիսանայ մատղաշ մանուկները համախմբող հոգատար այն տունը, որուն ազգայնաշունչ երդիքին ներքեւ սերունդներ կը կերտուին հայրենասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ։
Անձնապէս հասակ առած եմ ՀՄԸՄ-ական ընտանիքի շունչին ներքեւ, այս իսկ պատճառով փոքր տարիքէս մաս կազմած եմ վիթխարի այս միութեան։
Սկաուտութիւնը Ինծի համար ասպետութիւն է, որովհետեւ մեր մէջ կը սերմանուի եղբայրասիրութեան, անձնուրացութեան, անըսպառ ուժի եւ ծառայասիրութեան ոգին՝ ծառայելու ազգին, հայրենիքին եւ մարդկութեան։
ՀՄԸՄ-ի շուրջ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներէ եւ պատանիներէ բաղկացած այս փաղանգը հաւատք եւ յոյս կը ներշնչէ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին մեր ցեղի գոյատեւման:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Սկ. Խորհուրդը եւ Խմբապետութիւնը կազմակերպեցին 2018-2019 թուականին Ա. Կարգի եռամսեայ դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան 15 քոյրեր-եղբայրներ։ Անոնցմէ մին ես էի: Մեծ հպարտութիւն էր Ա. Կարգի թեկնածու ըլլալը, որովհետեւ Ա. Կարգը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգերուն երրորդն է, որ կը նախորդէ Արարատեան կարգին։
Դասընթացքին տեսական եւ գործնական քննութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը՝ «Սկաուտի Օրուան» երեկոյեան։
Իւրաքանչիւր սկաուտ հպարտութեամբ կը տօնէ սկաուտի օրը, իսկ ես հպարտ էի ՀՄԸՄ-ի սկաուտ ըլլալուս եւ Ա. կարգին հասնելուս համար: Ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ, երբ յայտարարուեցաւ որ 2019-ի սերունդին առաջին դիրքը գրաւած եմ՝ բարձրագոյն նիշը ապահովելով եւ այս առիթով հանդիսութեան ընթացքին տեղեկագիրին ընթերցումը ինծի վստահուեցաւ։
Իրապէս մեծ հպարտութիւն է, երբ կուրծքիդ կը կրես Ա. Կարգի պէճը՝ ՀՄԸՄ-ի վահանը, վրան պատկերուած սկաուտին անզուգական բարեւը:
Պատեհ առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորեմ բոլոր սկաուտ քոյրերս եւ եղբայրներս Հայ Սկաուտի օրուան առիթով եւ կոչ կ’ուղղեմ բոլոր պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն, որ երկրի մէջ ալ ապրին անոնք, միանան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն։
Ժիրայր Կարապետեան