ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը երէկ` 13 Փետրուարին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութիւն մը յղելով ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը:

Մարմինը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու ճանչցող, այդ պատմական փաստը ժխտելու որեւէ փորձ դատապարտող եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան համար Թուրքիան պատասխանատու նկատող բանաձեւի որդեգրումը:

Հայ Դատի Մարմինը յայտնեց, որ այս բանաձեւի որդեգրումը արդարութեան եւ իրաւունքի յաղթանակն է` յիշեցնելով, որ սուրիական հողերը այն վայրերէն են, ուր օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուեցաւ ցեղասպանութեան ոճիրը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ընդգծեց, որ, այսպիսով Սուրիան դարձաւ Լիբանանէն ետք երկրորդ արաբական երկիրը, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: