Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեպաշտ ժողովուրդը հոգեկան ուրախութիւն ապրեցաւ, երբ քահանայական ձեռնադրութեան կոչման արարողութեամբ թեմի սարկաւագներէն մին իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց միանալու քահանայից դասուն եւ իր աստուածահաճոյ նուիրուածութեամբ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին:

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, ձեռամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, տեղի ունեցաւ Բարշ. Յովսէփ Սրկ. Արսլանեանի քահանայական ձեռնադրութեան կոչման արարողութիւնը, Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Մարդասիրական Խումբի Հիւպատոսութեան Ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Քահանայից Դասուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հալէպահայ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ընծայեալ քահանայի ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան: Կնքահայրութիւնը յանձն առած էր Տիար Գօգօ Տէր Պօղոսեան:

Կիրակնամուտքի ժամերգութենէն ետք, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ընծայեալը: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը, դպրապետ տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանի առաջնորդութեամբ հոգեպարար կերպով մատուցեց շարականներու երգեցողութիւնը:

Ընծայեալը խարտաւիլակին առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ գաւիթէն մինչեւ բեմ ծնրադիր ներկայացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ երեք հանգրուանով յառաջացող ընծայեալին, մաղթեց, որ Տէրը երկնային ուրախութիւն տայ, օրհնէ Սիոնէն, ապա Տիրոջ անունով հրաման տուաւ խօսելու:
Խարտաւիլակը վկայեց, որ ընծայեալը իր կամքով եւ սրտի յօժարութեամբ կը դիմէ այս կարգին, թողելով աշխարհի զբաղումներու բոլոր մտահոգութիւնները, Քրիստոսի սիրով բռնկած՝ առած է իր խաչը եւ եկած Քրիստոսի հետեւելու: Իր անձը մաքուր պահած է ծնունդէն մինչեւ այսօր, քահանայական ուսում առած է եւ գիտակ է Աստուծոյ օրէնքներուն:
Ապա, երբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Աջը դրաւ ընծայեալի գլխուն եւ Սուրբ Խաչով օրհնեց զինք, ընծայեալը ուխտեց Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ, առանց ձանձրանալու Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մնալ, սուրբ առաքեալներուն եւ հայրապետներուն կանոններուն համաձայն ապրիլ, ուղղափառ հաւատքին դաւանիլ, Սուրբ Երրորդութիւնը ճանչնալ, Քրիստոսի մարդեղութեան դաւանիլ եւ հրաժարիլ բոլոր հերձուածողներէն, հերետիկոսներէն եւ աղանդաւորներէն, աշակերտելով ուղղափառ եկեղեցւոյ հայրապետներու ուսուցումներուն:

Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Սուրբ Հոգիին շնորհքները առատօրէն ծաւալին սարկաւագին վրայ:
Ապա ընծայեալը ընթերցեց հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Տէրունական Աղօթք»ի երգեցողութեամբ: