ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է Միւնիխի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկումի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մասին ըսած սկզբունքներուն` զանոնք անուանելով «Միւնիխեան սկզբունքներ»:

Անոնք են`

1. Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը:
2. Լեռնային Ղարաբաղը բախումնային եւ բանակցային կողմ է, առանց բանակցելու կարելի չէ լուծել բախումը:
3. Չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն. Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը:
4. Կարելի չէ հարցը լուծել մէկ կամ երկու գործողութեամբ. բանակցային գործընթացին մէջ անհրաժեշտ են «Միքրօ յեղափոխութիւններ», ապա «Մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում:
5. Հարցին որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին համար, Ղարաբաղի ժողովուրդին համար, Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը պատրաստ են լրջագոյն ջանքեր գործադրելու նման լուծում գտնելու համար: Այսպիսի պատրաստակամութիւն պիտի ցուցաբերէ նաեւ Ատրպէյճանը:
6. ԼՂ հարցը չունի զինուորական լուծում: Եթէ որեւէ մէկը կ’ըսէ, որ հարցը զինուորականլուծում ունի, Ղարաբաղի ժողովուրդը կ’ըսէ` ուրեմն ան երբեւիցէ լուծուած է: