Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Սուրիոյ ազատագրումի վերջին մարտերուն առիթով սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս եկաւ Հալէպի ժողովուրդին ուղղուած ողջոյնի խօսքով:

Նախագահը ըսաւ. «Հալէպի մեր ազնիւ հարազատներ, ողջոյն ձեր դիմադրողականութեան եւ հաստատակամութեան, ողջոյն ձեր հաւատքին եւ հայրենասիրութեան, ողջոյն ձեր զոհողութեան եւ արիութեան:
2016-ի աւարտին, երբ Հալէպ ազատագրուեցաւ, ըսի, որ Հալէպ յետազատագրման պիտի չըլլայ այն, ինչ էր նախքան ազատագրումը: Ես այդ յայտարարութիւնը կատարեցի մեկնելով մեր բանակին վճռակամութենէն, մեկնելով Հալէպի մեր հարազատներուն հայրենասիրութենէն եւ հաւատարմութենէն, քաջ իմանալով, որ սուրիական բանակը պիտի տապալէ թշնամիին ծրագիրները: Այդպէս ալ եղաւ: Հալէպը պարտաւոր էր սուղ գին վճարել, համազօր իր ժողովուրդին ազգային կեցուածքին ու հզօրութեան: Այն ժողովուրդին, որ տարիներ շարունակ ենթակայ ըլլալով ահաւոր հրթիռակոծումներու, տասնեակ հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ տուաւ, այրիներ, որբեր ու որդեկորոյս մայրեր ունեցաւ: Այն ժողովուրդին, որ տարիներ շարունակ պաշարման ենթակայ ըլլալով մնաց առանց ջուրի, ելեկտրականութեան եւ կենսական այլ միջոցներու, որպէսզի ծնրադրէ, յանձնուի: Ինկող իւրաքանչիւր հրթիռի հետ, թշնամին կը ջանար քանդել ու կերպարանափոխել պատմական Հալէպը, որպէսզի Դամասկոսի հետ միասին հայրենիքին տնտեսական թռիչքը ապահովող այս քաղաքը ծնրադրէր տոլարին դիմաց ու ստորանար, դաւադրութիւն հիւսէր հայրենիքին դէմ ու դաւաճաններու կարգին անցնէր: Այսպիսի ծրագիրներ կը տողանցէին մեր թշնամիներուն երեւակայութեան մէջ:
Իրական մեր աշխարհին մէջ, սակայն, իւրաքանչիւր հրթիռի իյնալուն հետ ինկաւ մեր ժողովուրդին վախը, անոր փոխարինեց պայքարի վճռակամութիւնը: Նահատակուող իւրաքանչիւր զինուորի փառքը հիւսելով, հալէպցիին ազգային ոգին եւ հայրենասիրութիւնը շեշտադրուեցան: Իրական մեր աշխարհին մէջ Հալէպը պահպանեց պատմական իր ինքնատիպ դիմագիծը: Հալէպցին պաշարուած ըլլալով մէկտեղ չընկճուեցաւ: Ան յամարօրէն աշխատեցաւ ու իր ապրուստը պահովեց: Քաղաքը, հակառակ իր աղէտալի վիճակին, մնաց բանուկ, իր համեստ կարելիութիւններովն իսկ նպաստելով երկրի տնտեսութեան:
Ես վստահ եմ, որ այսպիսի պայքարն ու դիմադրողականութիւնը կը բխին հայրենասիրութենէն, պատկանելիութեան գիտակցութենէն: Այս դիմադրողականութեան ու գիտակցութեան շնորհիւ Հալէպը պատերազմի մոխիրներէն պիտի յառնի ու պիտի վերականգնին անոր առաջնորդող դերն ու արժէքը Սուրիոյ տնտեսութեան մէջ»:
Նախագահը աւելցուց. «Ճիշդ է որ քաղաքին ազատագրումը 2016-ին չբերաւ պէտք եղած խաղաղութիւնը եւ Հալէպը մնաց ատելութեան արկերու թիրախ, ճիշդ է որ ճակատամարտի մը յաղթելը չի նշանակեր պատերազմին յաղթել, սակայն այս մէկը ճշմարիտ կրնայ ըլլալ՝ զուտ զինուորական դիտանկիւնէ նայուած, իսկ ազգային տրամաբանութեամբ, յաղթանակը կը սկսի առաջին իսկ օրէն դիմադրողականութիւն ցուցաբերելով: Այս տրամաբանութեամբ է, որ Հալէպն ու Սուրիան յաղթեցին: Ամէնքս յաղթեցինք այն վախին, զոր փորձեցին մեր մէջ արթնցնել, յաղթեցինք այն սին գաղափարներուն, զորս փորձեցին մեր ուղեղներուն մէջ ամրագրել, յաղթեցինք անջատողականութեան, ատելութեան ու դաւաճանութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք այս գաղափարները կը մարմանաւորեն ու անոնցմով կ՛ապրին: Հակառակ այս բոլորին, մենք կը գիտացինք, որ այս ազատագրումը չի նշանակեր պատերազմի աւարտ, չի նշանակեր դաւադրութեան վերացում, ոչ ալ ահաբեկչութեան ոչնչացում կամ թշնամիի նահանջ… բայց անպայմանօրէն կը նշանակէ այդ բոլորին անարգանքը, որ նախաքայլն է անոնց վերջնական պարտութեան՝ ուշ կամ կանուխ… Կը նշանակէ նաեւ, որ մենք պիտի չհանգչինք, այլ պիտի պատրաստուինք գալիք ճակատամարտերու: Հետեւաբար Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններու ազատագրումը պիտի շարունակուի, հակառակ հիւսիսէն եկած կարգ մը սին ձայնային պղպջակներու, այնպէս ինչպէս պիտի շարունակուին Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը եւ խաղաղութեան վերականգնումը»:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Ասատ շեշտեց. «Սուրիական բանակը պիտի չվարանի իր ազգային պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ պիտի շարունակէ մնալ այնպէս ինչպէս եղած է՝ ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին ծառայող… Պատմութեան ընթացքին բոլոր յաղթական բանակները իրենց կողքին ունեցած են ժողովուրդը, եւ իրենք՝ ժողովուրդին կողքին եղած են: Ահա այս է որ տեսանք
Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ քաղաքներուն մէջ… երբ դուք բանակը գրկաբաց ընդունեցիք, ան պաշտպանեց ձեզ եւ ձեզի համար զոհուեցաւ»:

Նախագահը դիտել տուաւ. «Երբ ուրախութեան այս պահերը կ՛ապրինք, յիշենք, որ անոնք իրականացան մեզի համար զոհուած սիրելիներու բացակայութեան առթած տառապանքով ու տխրութեամբ: Արդարեւ, կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին ընդառաջ եւ մեծարենք անոնց ընտանիքները… Յաղթանակը անո՛նց կը նուիրուի, որովհետեւ անոնք էին յաղթանակի իսկական կերտիչները… ողջոյն անոնց ծնողներուն դաստիարակութեան, ողջո՛յն նահատակներուն զոհողութեան եւ ողջո՛յն մեր բանակի իւրաքանչիւր զինուորին: Անոնք կը դիմագրաւեն ցուրտն ու բուքը, որպէսզի մենք ապրինք խաղաղ, տաքուկ կեանք»:

Նախագահը եզրափակելով իր խօսքը, ողջոյն ուղղեց. «Մեր եղբայրներուն, բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն, որոնք թեւ ու թիկունք կանգնեցան սուրիական բանակին թէ՛ գետնի վրայ եւ թէ երկինքին մէջ՝ արծիւի նման: Անոնց արիւնը միախառնուելով մեր բանակի արեան հետ, ոռոգեց Հալէպի հողը: Այն Հալէպին, որ իր հայրենիքին ու պատմութեան հաւատարիմ մնաց ու երբեք պիտի չմոռնայ իրեն համար զոհուողները, պիտի վերականգնէ երբեմնի իր փառքը եւ աւելի ուժեղ դառնայ»: