Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020ին, Քուէյթահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որու մաս կը կազմէին՝ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ․ Քէհեայեան, Քուէյթի Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Տնօրէնը այցելութիւն մը տուաւ Քուէյթի մէջ Սուրիոյ Դեսպանատուն եւ Քուէյթահայութեան կողմէ իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Օրենսդիր եւ Գործադիր իշխանութիւններուն՝ տարեթիւիս 13 Փետրուարին Սուրիոյ Ազգային Ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող ու դատապարտող բանաձեւի որդեգրման առնչութեամբ։

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Քուէյթի մէջ Սուրիոյ Դեսպանի Գործակատար՝ Պրն. Մուսթաֆա Տայյուպի կողմէ, որ բարձր գնահատեց սուրիահայութեան հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին նկատմամբ եւ անոր ունեցած ողջունելի դերակատարութիւնը Սուրիոյ ծաղկման ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ։

Պրն. Տայյուպ խստօրէն դատապարտեց թրքական իշխանութիւններու կողմէ մէկ դար առաջ եւ մինչ օրս շարունակուող բարբարոսական արարքները։