Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը հոգեկան գոհունակութեան եւ վերանորոգութեան առիթ մը եղաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին համար:

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, Շաբաթ օրուան քահանայական կոչման արարողութենէն ետք, Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց թեմի սարկաւագներէն Բարշ. Յովսէփ Սրկ. Արսլանեանը, զինք վերանուանելով Տէր Սուրէն Քահանայ: Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի: Կնքահայրութիւնը յանձն առած էին Տէր եւ Տիկ. Գօգօ Տէր Պօղոսեան:
Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգին ներկայ էին քոյր համայնքներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի պատգամաւորներ, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւնները, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հալէպահայ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ընծայեալ քահանայի ընտանիքը եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

«Խորհուրդ Խորին» եւ «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ, հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանի:
Սրբազան Հօր «Զի Ողորմած եւ մարդասէր ես» աղօթքի արտասանութեամբ եւ դպրաց դասի «Այսօր աստուածութիւնն զուարճանայ» շարականի երգեցողութեամբ ընծայեալ սարկաւագը ծնրադիր սուրբ խորան բարձրացաւ, խարտաւիլակին վկայութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները փոխանցելով քահանայութեան հրաւիրեց ընծայեալը՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Ապա, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երեք անգամ երգեցողութեամբ ընծայեալը ժողովուրդին դառնալով ձեռքերը վեր բարձրացուցած հրաժարեցաւ աշխարհիկ կեանքէն եւ սարկաւագութենէն քահանայութեան կոչուեցաւ:
Այնուհետեւ, սրբազան հայրը իր աջը դնելով նուիրեալին գլխուն՝ աղօթք արտասանեց, որմէ ետք սարկաւագական ուրարը պարանոցին վրայէն ձախէն աջ բերաւ իբրեւ նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին: Հոգեթով աղօթքներու արտասանութեամբ ընծայեալը ստացաւ փիլոն, ապա սաղաւարտ, շուրջառ, բազպան, գօտի եւ քահանայական զգեստի միւս մասերը:
Այնուհետեւ խարտաւիլակ հայր սուրբը Մկրտարանէն հանդիսաւորապէս սուրբ Միւռոնը բերաւ: Սրբազան հայրը սրբալոյս Միւռոնով օծեց ընծայեալին ճակատն ու երկու ձեռքերը, Յովսէփ սարկաւագը վերանուանելով Տէր Սուրէն Քահանայ:
Օծումէն ետք, սրբազան հայրը նորաօծ քահանային յանձնեց Սուրբ Սկիհը, անոր տալով պատարագելու իշխանութիւն, ապա արժանապատիւ քահանայ հայրը իր անդրանիկ «խաղաղութիւն»ը բաշխեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խորհրդաւոր այս արարողութեան առիթով քարոզեց, բնաբան ունենալով առաքեալներու գործերուն 20-րդ գլխու 28-րդ համարը. «Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց», որուն վրայ հիմնուելով ան մատնանշեց եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած հոգեւորականի առաքելութիւնն ու կոչումը:
Սրբազան հայրը Նախ համապարփակ կերպով պարզաբանեց եկեղեցւոյ իմաստը, յայտնելով որ եկեղեցին միայն կառոյց չէ, դաւանանք չէ, հաւատամք չէ, այլ հաւատացեալներու այն ամբողջ բազմութիւնը, որ կու գայ համախմբուելու իր Արարիչին շուրջ: Աւելին՝ եկեղեցի կը նշանակէ ծառայութիւն: Քրիստոս որպէս եկեղեցւոյ հիմնադիրը, մեծագոյն օրինակը հանդիսացաւ ծառայութեան։
Մատնանշելով քահանայի յատկանիշները, սրբազան հայրը նշեց, որ քահանան եկեղեցւոյ տէրն ու պաշտպանն է, այն անձն է, որ ունի կայուն կեցուածք ու նկարագիր եւ մաքուր քրիստոնէական հաւատք: Քահանան այն անձն է, որ զգօն է, արթուն է եւ վստահած իր հօտին, արեան գնով ծառայելու պատրաստ։

Սրբազանը բնորոշեց, որ քահանան Աստուծոյ տնտեսն է, որ կը ծառայէ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին: Այս բոլոր յատկանիշներուն բանալին սրբազան հայրը համարեց սէրը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ նկատեց հոգեւորականի հետեւեալ յատկանիշները,-
Ա- Խոնարհութիւն. նմանելով մեր Արարիչին եւ Փրկիչին, որ խոնարհութեան օրինակը հանդիսացաւ:
Բ- Հաւատարմութիւն. հաւատարիմ մնալու Սուրբ Հոգիին կողմէ իրեն տրուած կոչումին եւ հաւատարմօրէն գործադրելու իրեն վստահուած պարտականութիւնները։
Գ- Պաշտպանութիւն. հեռու մնալու կեղծ գաղափարներէ եւ պաշտպանելու մեր եկեղեցին ու հօտը անկոչ քայլերէն։
Դ- Հասունութիւն, գիտակցութիւն. հասունութեամբ եւ գիտակցութեամբ հովուելու հաւատացեալ հօտը:
Սրբազան հայրը նորաօծ քահանային մաղթեց որ հաւատարմօրէն կատարէ իրեն շնորհուած կոչումը, տէր կանգնելով մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներուն:
Մատնանշելով նորաօծ քահանային անուանումը ան ըսաւ. «Տէր Սուրէն քահանան մեզի կը յիշեցնէ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդներէն Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը: Այս ձեռնադրութիւնը նշան մըն է, որ այս թեմը կը յարգէ եւ կը պատուէ իր բոլոր առաջնորդները, ի մասնաւորի Սուրէն սրբազանը, որուն օրով առաւել եւս ծաղկեցաւ ու պայծառացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմը: Վստահ եմ որ սրբազան հօր անունը կրող արժանապատիւ քահանայ հայրը նոյն հաւատքով, նուիրուածութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:
Գերաշնորհ սրբազանը երախտագիտական զգացումներով ողջունեց սուրիական խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը: Աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ Սուրիական Հայրենիքը, սուրիական բանակն ու անոր վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշար Ալասատը: Աղօթքը շարունակելով սրբազան հայրը, մաղթեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին առողջութեամբ լեցուն բազմաշատ յաջողութեան օրեր ի պանծացումն հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Քարոզէն ետք, «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականի երգեցողութեամբ եկեղեցական դասը քահանայ հօր օծուած ճակատէն ու ձեռքերէն օրհնութիւն ստացաւ:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ միաբաններու հոգիներուն համար:
Արարողութենէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը աջահամբոյրով շնորհաւորեց արժանապատիւ Տէր Սուրէն Քահանան եւ ստացաւ անոր առաջին օրհնութիւնը:
Նորաօծ քահանայ հայրը իր քառասնօրեայ պահեցողութեան ու հոգեւոր պատրաստութեան ժամանակաշրջանը պիտի անցընէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: