Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Հալէպի ամբողջական ազատագրումին առիթով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ Սաատ Ալլահ Ալճապիրի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու՝ ատենապետ Յարութ Քիլիսլեանի եւ մեթր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Պաաս Կուսակցութեան կեդրոնէն ներս, Պաաս Կուսակցութեան Սուրիոյ Փոխկուսակցապետ տիար Հիլալ ալ Հիլալի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին եւ սուրիական բանակին, վեր առնելով Սուրիական Հայրենիքի նահատակներուն անսակարկ հերոսութիւնը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ հաւաքական պայքարի եւ ազգային միասնական կեցուածքի շնորհիւ է, որ Հալէպը ազատագրուեցաւ եւ այս պահը ուրախութիւն է ու հպարտութիւն իւրաքաչիւր սուրիացիի համար:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։

Այնուհետեւ անոնք թափօրով ուղղուեցան դէպի Սաատ Ալլա ալ Ճապիրի հրապարակ, ուր մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն եւ շնորհաւորական ճառերու փոխանակում: