«Ապառաժ».-ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Դաշնակցութեան առաջադրած նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, «ARI» կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեան 17 Փետրուարին այցելած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչակեդրոն, հանդիպած են շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանի հետ, որմէ ետք «Artsakh Roots Investment-ARI» հիմնադրամի միջոցներով Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան բնակավայրէն ներս կառուցուող 12 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով այցելած են Արիաւան:

Դաշնակցական գործիչներուն ուղեկցած են Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանն ու Աղաւնու համայնքապետ, դաշնակցական Անդրանիկ Չաուշեան:
«ARI» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2009-ին, լիբանանահայ գործարարներու կողմէն, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ գործարարները համախմբելով` Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանները զարգացնելու եւ Արցախի մէջ շահաւէտ ներդրումներ կատարելու նպատակով:
Աղաւնին Արցախը Հայաստանին կապող ռազմավարական ճանապարհի կարեւոր բնակավայրերներէն է, որուն հիմնումը եւ շինարարական աշխատանքներու ֆինանսաւորումը «ARI» կազմակերպութիւնը ձեռնամուխ եղած է2013 թուականէն:
Այսօրուան դրութեամբ` «ARI» կազմակերպութեան միջոցներով Արիաւանի մէջ կառուցուած եւ բնակեցուած է 50 առանձնատուն: Ծրագիրով նախատեսուած է Արիաւանի մէջ կառուցել 150 բնակելի առանձնատուն: Այս փուլով Արիաւանի Մհեր Ջուլհաճեան փողոցին մէջ կ’ընթանայ 12 բնակելի տուներու շինարարութիւն:
Դաշնակցական գործիչներուն ուղեկցող` Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեան բարձր գնահատած է «ARI» կազմակերպութեան դերակատարութիւնը շրջանի զարգացման գործին մէջ:
Աւելցնենք, որ Արիաւանի 12 բնակարանները նախատեսուած է շահագործման յանձնել ամրան:
«ARI» կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ կ’իրականացնէ մէկ շինարարական ծրագիր եւս` Քարվաճառի շրջանին մէջ բնակարաններու կառուցման ծրագիր, որուն մէջ նախատեսուած է կառուցել 15 բնակելի տուն: