«Էրմէնիհապեր».-Իսթանպուլ քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի որոշումով ազատ արձակուած է «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը տապալելու փորձ ընելու» համար մեղադրուող հասարակական գործիչ, գործարար Օսման Քաւալան:
Օսման Քաւալա յայտնի հասարակական գործիչ է: Հիմնադրած եւ երկար տարիներ ղեկավարած է «Anadolu Kultur» հիմնադրամը` տարիներ շարունակ իրականացնելով նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող նախաձեռնութիւններ: Քաւալա ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ խստիւ դատապարտած է զայն:
Քաւալա աշխուժօրէն մասնակցած է 2013-ի ամրանը Կազի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցող հակակառավարական ցոյցերուն: Ան կալանաւորուած էր Դեկտեմբեր 2017-ին: Մեղադրուած էր 2016-ին զինուորական յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու համար:
Բազմաթիւ թրքական եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են` Քաւալայի ապօրինի կալանքին վերջ դնելու պահանջով:
Օսման Քաւալային կը սպառնար ցմահ ազատազրկում: Անոր արդարացման եւ ազատ արձակման որոշումը տեղի ունեցած է 840-օրեայ կալանքէն ետք` 18 Փետրուար 2020-ին: