Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան թեմի ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթի Շէյխ Ահմետ Պատրըտտին Հասունին՝ ի Դամասկոս։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, Սուրիոյ խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու թեմիս ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով նախ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնը եւ շնորհակալական խօսքը Սուրիոյ խորհրդարանին ու պետութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար։ Ապա սրբազան հայրը Բերիոյ Թեմի ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց մուֆթին եւ իր սրտի անհուն ուրախութիւնն ու խնդակցութիւնը յայտնեց Հալէպի վերջնական ազատագրման առիթով, մաղթելով, որ Սուրիական Հայրենիքի ողջ տարածքը ազատագրուի ու Սուրիան վերագտնէ իր կենսունակութիւնը՝ թօթափելով պատերազմին հետքերը։

Հանրապետութեան մուֆթին ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութիւնը, յայտնելով որ մեծապէս տպաւորուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան իր մէկէ աւելի այցելութիւններուն ընթացքին։

Այնուհետեւ ան առանձնաբար անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին աշխատասիրութեան, լուսարձակի տակ առնելով սուրիահայութեան հաւատարմութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերականգնումին սատարելու անոր պատրաստակամութիւնը։ Շէյխ Ահմետ Պատրըտտին Հասսուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իր բարեմաղթութիւններուն համար։
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի զանազան շրջաններուն առնչուող նիւթեր։

Հանրապետութեան մուֆթին իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Հայ Համայնքին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին։