Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին կից Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան գրասենեակի «Երթ՝ Շնորհակալութեան» խորագիրով քայլերթի մեկնարկին, անդրադառնալով Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէն օրեր առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման՝ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ ՀԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանի՝ Հայոց Ցեղա-սպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին բանաձեւը կարելի է պատմական համարել նաեւ այն առումով, որ անոր մէջ առկայ է «Արեւմտեան Հայաստան» եզրոյթը: Ռուսաստանի, Կիպրոսի եւ Սլովաքիոյ բանաձեւերուն հետ այս իմաստով բաւական ընդհանրութիւններ ունեցող այս բանաձեւին մէջ յստակ ուղերձ կայ, որ հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկուած է իր պատմական հայրենիքին մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Այսինքն՝ հոս խօսքը նաեւ հայրենազրկման եւ անկէ բխող փոխհատուցման մասին է, որ աշխարհին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը նոր մակարդակի կը բարձրացնէ:
Սուրիոյ կողմէ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած շարք մը այլ պետութիւններու պետական դրօշներու գունապնակով շնորհակալութեան երթը, որուն կը մասնակցէին նաեւ շարք մը բուհերու ուսանողներ եւ հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգիէն սկսաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի ՀՀ-ի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատուն.«Սուրիոյ ժողովուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն ոչ միայն իր յարկին տակ ընդունեց մազապուրծ հայութեան բեկորները, այլեւ հնարաւորութիւն տուաւ, որ արմատներ ունենան, ապրին, սերունդեր հասցնեն եւ այսօր հպարտանան թէ՛ Սուրիայով, թէ՛, իբրեւ հայեր, իրենց ծագումով», դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական նախաձեռնութեան իր ելոյթով դիտել տուաւ Արծուիկ Մինասեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն, երկրի խորհրդարանի բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք նախաձեռնեցին եւ իրականացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Սկաուտներու թմբուկներու ձայնով երթի մասնակիցները դիմաւորեց ՀՀ-ի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմը:
ԳՄ անդամը ծափահարութիւններով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ Ասատին, որ ոչ միայն արժեւորած է ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ իր կամքով ու վճռականութեամբ ստեղծած է հայութեան բարեկեցութեան ապահովման, ներգրաւման պայմաններ, թէեւ այս ծանր փուլին մէջ, երբ Սուրիան կը դիմագրաւէ շարք մը ծայրայեղ ծանր մարտահրաւէրներ, կը պայքարի պետութիւններու՝ ցեղասպանութեան տարրեր պարունակող վարքագիծին դէմ, կարենալով այսպիսի կարեւոր ուղերձներով հաստատել մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներու յարատեւ ապրելու, գոյատեւելու եւ սեփական պետականութիւնը ունենալու վճռականութիւնը:
«Ոչ միայն Դաշնակցութիւնը, այլեւ իւրաքանչիւր հայ այս փաստը կ’ընկալէ որպէս պատմական ճշմարտութիւն, մեր հայրենիքը վերականգնելու որպէս մէկ քայլ: Մեր միացեալ հայրենիքի կերտման ճանապարհին սա անհրաժեշտ քայլ է: Սա հնարաւորութիւն կու տայ ուղղելու մեր խօսքը աշխարհին, այն երկրներուն, որոնք տակաւին չեն ճանչցած: Օր առաջ ճանաչումը կը կանխէ աշխարհի մէջ հնարաւոր նոր ցեղասպանութիւնները, իրաւունքներու վերականգնումը եւ հատուցումը կ’ենթադրէ ապագային որեւէ երկրի կամ իշխանութեան կողմէ ազգի նկատմամբ ցեղասպանական գործողութեան բացառում», իր ելոյթով փաստեց Արծուիկ Մինասեան եւ աւելցուց, որ, որպէս բարեկամ պետութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Հայաստան այսօր՝ Սուրիոյ պատմութեան ծանր փուլին մէջ, սիրայօժար տեղ տուաւ նաեւ բազմաթիւ սուրիացիներու:
«Մեր ճակատագիրները նոյնանման են: Մենք պէտք է միասին դիմակայենք Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Թուրք-ատրպէյճանական ցեղասպան վարքագիծը օր առաջ պէտք է կանգ առնէ», խօսքը աւարտեց Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպանին յանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի երախտիքի խօսքը պարունակող թղթածրարը:
Պաշտօնական ձեռնարկին իրենց երախտիքի խօսքը արտասանեցին նաեւ ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ Վազգէն Մեսրոպեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ ուսանողներուն անունով՝ Շուշան Հալլաճեան, դոկտոր Ճորճ Բարսեղեան եւ այլք:
Տօնական ընդունելութեան խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ: Ողջունելով հայութեան ներկայացուցիչները ՀՀ Սուրիոյ Հանրապետութեան նստավայրէն ներս՝ դեսպանը յայտնեց, որ մեծ պատիւ է հայութեան ունենալ Սուրիոյ ժողովուրդը, ուժեղ Սուրիոյ կողքին՝ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի գլխաւորութեամբ:
«Սուրիան իր դռները բացաւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներուն առջեւ, այն ցեղասպանութեան, որ կատարուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, եւ նոյնը կը կատարուի այսօր՝ իրենց ժառանգորդ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ», փաստեց դեսպանը, աւելցնելով՝ թէ հպարտ է, որ Սուրիոյ ժողովրդական ժողովը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, դատապարտող եւ պատմական ճշմարտութիւնը վեր հանող բանաձեւը:
«Հայ ժողովուրդը կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ յաղթահարել ցեղասպանութիւնը, որ կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Սուրիոյ հողերուն վրայ», ըսաւ դեսպանը՝ աւելցնելով, որ այսօր Սուրիոյ ժողովուրդը եւ բանակը նախագահ Պաշշար ալ Ասատի գլխաւորութեամբ ամէն օր նոր յաջողութիւններ կը գրանցէ, եւ ինքը կը խոստանայ, որ Սուրիան ապագային աւելի հզօր եւ ուժեղ պիտի դառնայ, քան առաջ :
Դեսպանը նաեւ ողջոյնի խօսք յղեց Սուրիոյ արաբական բանակի հերոսներուն, որոնք նոր նուաճումներ կ’արձանագրեն, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը ապրի ապահով եւ խաղաղ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց օժանդակութեան համար, որ տրամադրած է ՀՀ կառավարութիւնը՝ սուրիական ճգնաժամի ողջ ընթացքին: Դեսպանը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական մարդասիրական առաքելութեան իւրաքանչիւր անդամին, որ կը գտնուի Հալէպի մէջ եւ ականազերծման աշխատանքներ կ’իրականացնէ։Ըստ դեսպանին, զանոնք ցանած են այդ ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն ժառանգորդները:
ՀՀ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած տօնական ընդունելութեան աւարտին հայ ժողովրդական պարերու ներկայացումով հանդէս եկաւ Երեւանի Մ. Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանի պարախումբը:
Վ. Սարգիսեան