Անցնող շաբաթը Հալէպին համար անկիւնադարձային իրագործումներու շաբաթ մըն էր:
Սուրիական Բանակի Հրամանատարութեան Հալէպի ամբողջական ազատագրումը յայտարարելէն ետք ընթացք առին Հալէպ -Դամասկոս միջազգային ճամբուն վերականգնումի ու վերաբանեցման աշխատանքները:
Այս ճամբան Հալէպը կը միացնէր Սուրիոյ այլ նահանգներու եւ յարակից երկիրներու: Առեւտրական եւ ծառայողական ոլորտներուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր Հալէպ-Դամասկոս ճամբան, որովհետեւ այդ ճամբուն բնականոն օգտագործումով կ’ապահովուէր Հալէպի առեւտրական, ծառայողական եւ սննդային ոլորտներու այլազան կարիքները:
Հալէպի ազատագրումով վերահաստատուեցաւ քաղաքին խաղաղութիւնը, որուն լոյսին տակ միայն կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել Հալէպը եւ գէթ տնտեսութեան անիւը թաւալել:
Սուրիոյ նախագահին Հալէպի ժողովուրդին ուղղած ուղերձին մէջ յստակօրէն կ’ուրուագծուէր Հալէպը տնտեսապէս ոտքի հանելու ծրագիրը:
«Հալէպ նախքան ազատագրումն ու ազատագրումէն ետք նոյն պատկերը պիտի չունենայ», վերստին կը հաստատէր նախագահը, հաւաստիացնելով, որ պատերազմի տարիներուն ահաւոր զրկանք կրած, զոհեր ու նահատակներ տուած Հալէպի ժողովուրդին համար ազատագրումէն ետք նոր կեանք պիտի սկսի:
Նախագահին խօսքին յաջորդեց Հալէպի միջազգային օդակայանին բացումը: Չորեքշաբթի առաւօտուն օդակայանը ընդունեց Դամասկոսէն ժամանած առաջին ճամբորդատար օդանաւը: Ութը տարի փակ մնալէ ետք օդակայանը բանիլ սկսաւ:
Հալէպի օդակայանին բացումը, բնականաբար, դրական անդրադարձ պիտի ունենայ երկրի առեւտրատնտեսական եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն վրայ:
Հալէպը նախապատերազմեան շրջանին կը համարուէր Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը՝ իր արհեստաւորներով, գործարաններով, աշխարհագրական դիրքով ու բնակչութեան գունեղ պատկերին շնորհիւ:
Օդակայանին բացումով Հալէպի ունեցած ներդրումը Սուրիոյ տնտեսութեան աստիճանաբար կրնայ վերականգնիլ եթէ ապահովուին այդ յառաջընթացին նպաստող նախադրեալները՝ ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ, ենթակառոյցներու աշխուժացում, օրէնքներու հետապնդում եւ տնտեսական ծրագիրներու մշակման նպաստող միջավայրի ու պայմաններու ստեղծում:
 Սուրիոյ նախագահին առաջարկով, յառաջիկայ Կիրակի Սուրիոյ կառավարութիւնը, իր լրիւ կազմով, հերթական իր նիստը պիտի գումարէ Հալէպի մէջ, մօտէն ծանօթանալու Հալէպի դժուարութիւններուն, զօրավիգ կանգնելու անոր տնտեսութեան ու վերականգնումին եւ բարելաւելու քաղաքի բոլոր շրջաններուն ծառայողական դաշտը:
Այսօր, ահաբեկչութեան վտանգին վերացումով ու ապահովութեան վերահաստատումով, Հալէպի ազատագրումը առանձնայատուկ իմաստ կը զգենու տնտեսական ու կենցաղային ներկայ ճգնաժամին լոյսին տակ, որ արդիւնք է արեւմտեան ու կարգ մը արաբական երկիրներու պարտադրած շրջափակման ու սահմանած անմարդկային պատիժներուն, այնպէս ինչպէս պատերազմի գործած աւերներուն: Աւերներ, որոնք շրջեցին պետութեան առաջնահերթութիւնները՝ հիմնականը դարձնելով ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ապահովումը: Պետութիւնը, սակայն, սուրիական բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին լոյսին տակ, այսօր ձեռնարկած է երկրի վերականգնումի աշխատանքին, կը ծրագրէ թափ տալ արտադրողական եւ շինարարական ծրագիրներու իրականացման՝ վստահելով ժողովուրդին սեփական ուժերուն, զօրավիգ կանգնելով անոր աշխատանքին: Մարտահրաւէր մը, որ նոր ուժականութիւն կը ստանայ սուրիական յաւելեալ տարածքներու ազատագրումով եւ իր կարգին առաջնային կը դարձնէ օտար ուժերու երկրէն վանելու մարտահրաւէրը նաեւ:
«Գ.»