Ամէն տարի Փետրուար ամսուան ընթացքին կը յիշատակենք Վարդանանց տօնը եկեղեցիէն եւ դպրոցէն ներս:
Փոքր տարիքէս կը մասնակցէի այս տօնակատարութիւններուն, ուրախութեամբ կ’արտասանէի եւ կ’երգէի, առանց գիտնալու տօնին իմաստը:
Բայց երբ մեծցայ եւ խելահաս դարձայ, սկսայ հպարտութեամբ մասնակցիլ Վարդանանցի տօնակատարութեան, որովհետեւ քաջ Վարդանը կռուեցաւ պարսիկներուն դէմ պահպանելու համար մեր հաւատքն ու հայրենիքը եւ իր նահատակութեամբ այսօր մենք կը շարունակենք ապրիլ որպէս հայ: Ան իր արիւնը թափեց հայ ազգը քրիստոնեայ պահելու համար:
Այսօր մենք, իբր զօրավար Վարդանի թոռներ, պէտք է պահենք մեր հաւատքը եւ ազգութիւնը, լաւ սորվինք մեր մայրենի լեզուն եւ տէր կանգնինք մեր եկեղեցիներուն:
Գարլա Աթիկեան
Ը. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Ամէն տարի կը յիշատակենք Վարդանանց տօնը: Այս տօնը մեզի համար շատ կարեւոր է, մենք կը յարգենք քաջ հերոսին՝ Վադան Մամիկոնեանին եւ իր զինուորներուն յիշատակը:
Հայաստան գրեթէ բոլոր երկիրներուն համար ցորենի հատիկի պէս էր, այդ պատճառաւ պարսիկներուն թագաւորը՝ Յազկերտ, կ’ուզէր հայ ժողովուրդը կրակապաշտ դարձնել, բայց Վարդան մերժեց կրակապաշտ դառնալ եւ խոստացաւ իր զինուորներուն հետ չուրանալ Քրիստոսը եւ զոհուիլ փրկելու համար Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը:
Պատերազմը տեղի ունեցաւ 451 թուին, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին:
Պարսկական հսկայ բանակը կազմուած էր 300.000 -է աւելի զինուորներէ, իսկ հայկական բանակը՝ 60.000 զինուորներէ:
Պարսիկները մեծաթիւ զոհեր տալէ ետք կը քաշուին, դժբախտաբար պատերազմը կ’աւարտի Վարդանի նահատակութեամբ, բայց Աստուծոյ կամքով հայկական բանակը կը յաղթէ:
 «Զարկիր զարկուար, ինկար քաջ քաջ
Պարսիկ սփռած ի ձախ ու աջ»:
Վարդան եւ իր զինուորները զոհուեցան մեզի համար ու մենք զինք կոչեցինք «Քաջ Վարդան»:
Էւա Պետրճիքեան
Ը. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Վարդան Մամիկոնեան սպարապետը եթէ մեր մէջ ըլլար, ես անոր կը հարցնէի.
-Ինչո՞ւ որոշեցիք մերժել կրօնափոխութեան առաջարկը:
Վարդան պիտի պատասխանէր.
-Մեր ազգասիրութենէն եւ կրօնասիրութենէն մղուած մերժեցինք առաջարկը:
-Հայերս որքա՞ն զօրք ունէինք եւ քանի նահատակ ունեցանք:
-Մենք 60.000 զօրքով դէմ դրինք մեծաթիւ պարսկական զօրքին եւ ունեցանք 1036 նահատակ:
-Վերջին գիշեր Ղեւոնդ երէց քարոզ մը տուաւ, իսկ դուք ճառ մը խօսեցայ, ինչո՞ւ համար:
-Մեր զինուորները քաջալերելու եւ ոգեւորելու համար:
-Շատ շնորհակալ եմ, որ պաշտպանեցիք քրիստոնէութիւնը եւ հայ ազգը: Ես ալ իմ կարգին կը խոստանամ նոյնը ընել:
Լոռի Մանճիկեան       
Ը. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան