ՏԵՂԱԿԱՆ

 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը եւ թունուսցի մարզիչ Նապիլ Մաալուլի բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան: Թունուսցի մասնագէտը այս շաբթուան ընթացքին պիտի ժամանէ Դամասկոս, պաշտօնապէս ստանձնելու Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը: Մաալուլ թունիսեան ձայնասփիւռին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց որ դաշնութեան հետ համաձայնած է պայմանագիրի բոլոր յօդուածներուն շուրջ: Ան իր հետ պիտի ունենայ նաեւ երկու թունուսցի օգնական: Աւելցնենք, որ Նապիլ Մաալուլ նախապէս մարզած է Թունուսի հաւաքականը եւ անոր հետ 2018-ին մասնակցած է Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային խաղերուն:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը, իրարայաջորդ ձախորդութիւններու պատճառով, դուրս մնաց Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Ապտալլա թագաւորին անունը կրող մրցաշարքէն: Սուրիոյ հաւաքականը չորս պարտութիւն կրելով կրցաւ յաղթել միայն Պահրէյնի կազմին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՆԳԵԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, 5-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 97 քկ. ծանրութեան հայ մարզիկը եզրափակիչ մենամարտին պարտութեան մատնեց վրացի խաղացող Նիկոլոս Կախելաշվիլուն: Արթուր Ալեքսանեան 7-1 արդիւնքով արձանագրեց ուժեղ յաղթանակ մը եւ Հայաստանին նուիրեց ոսկի մետալ մը եւս: Աւելցնենք, որ Արթուր Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր 2012, 2013, 2014 եւ 2018 թուականներուն:
ԳԷՈՐԳ ՂԱՐԻՊԵԱՆ ԾՈՒՆԿԻ ԲԵՐԱՒ ԹՈՒՐՔԸ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 60 քկ. ծանրութեան մրցումներուն խաղացող Գէորգ Ղարիպեան Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին նուաճեց ոսկի մետալ, պարտութեան մատնելով թուրք մրցակիցը՝ Քէրիմ Քամալը: 26 տարեկան ըմբիշը առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի երէցներու մրցաշարքին:
Մրցումին առաջին փուլը աւարտեցաւ ի նպաստ թուրքին, 1-0 արդիւնքով, սակայն երկրորդին՝ Գէորգ յաջողեցաւ ձեռք ձգել հինգ կէտ: Աւելցնենք, որ Ղարիպեան իր դէմ ծունկի եկած թուրքին առջեւ եռագոյն դրօշը բարձրացնելով տօնեց յաղթանակը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՊԱՏԺՈՒԵՑԱՒ
Անգլիական The Guardian օրաթերթը իր գլխաւոր լուրերուն մէջ անդրադարձաւ Անգլիոյ վերջին երկու տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին, դիտել տալով, որ ան երկու ծանր պատիժ կրած է եւ յառաջիկայ երկու տարեշրջաններուն զրկուած է Եւրոպայի ախոյեանական մրցաշարքերուն մասնակցութենէն: Ըստ թերթին, Սիթի արդար խաղի կանոնները խախտելուն համար ենթարկուած է սոյն պատիժին: Անգլիական ակումբը 30 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ տուգանք ալ պիտի վճարէ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան