ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս, 21 Փետրուարին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամները՝ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ քննարկած են օրակարգային շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցած են Արցախի եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:

Քննարկուած են նաեւ Արցախի նախընտրական շրջանին առնչուող շարք մը հարցեր: ՀՅԴ երկու կազմակերպական շրջաններու ղեկավար մարմիններու անդամները միտքեր փոխանակած են Արցախի անվտանգութեան սպառնացող շարք մը մարտահրաւէրներ եւ յառաջիկային կատարուելիք համաձայնութիւններուն մասին։