Ծանր կեանք մը ապրած էր:
Ծանրաբեռն հեւքով մը քաշքշած էր օրերը, սպասումները միայն դիտած էր բաց աչքերով՝ աշնան գաղթող ծիծեռնակներուն հետ:
Շատ բան լսած էր, միամտօրէն հաւատացած էր, բայց ո՛չ մէկ սէ՜ր ապրած էր: Ընդամէնը ունէր կին մը ու երեք զաւակներ, որոնց հետ չէր կրցած կիսուիլ՝ բացի չոր ու լեղի հաց մը:
Հալէպի մէջ բացած աչքերը, որոնք միագոյն պատկերներ ճանչցած էին միայն՝ կատաղի յամառութեամբ կ’ուզէր փակել նոյն այդ միագոյն Հալէպի, միանուագ մահերգին մէջ:
Եղած էր համեստ արհեստաւոր: Տախտակին ու մուրճին հետ բարեկամացած էր շրջան մը: Ստորգետնեայ աշխատանոցին մէջ, հազիւ թթուածինը շնչած էր, փոխարէնը գանձելով ափ մը թուղթ, որ պիտի երթար երեք զաւակներուն տարեկան կրթաթօշակները փակելու:
Ապու Հայկ կը կոչէին թաղեցիները զինք: Հայկի ծնունդով շատ ու շատ ուրախացած էր օրին, նոյնիսկ անոր յաջորդող միւս տղաներով:
Բայց կեանքը միանուագ չէր: Կրցած էր Ապու Հայկի ունեցած զուարթ ժպիտը եւ վաստակած միակ ունեցուածքը՝ հարազատ աշխատանոցը խլել ձեռքէն եւ արդէն դարձած էր մեքենավար պաշտօնեայ մը, որ ամէն օր պիտի սողար ճակատագրին ետեւէն, Հալէպի նեղ ու խոնաւ փողոցներէն օրուան ապրուստը ճարելու:
Քիչ անց, սրտին մէջ յուսահատութիւնը արդէն իր սեւ բոյնը հիւսեց: Ծխախոտը դարձաւ իրեն աւելի հարազատ, իսկ գործէն վերադարձին թափանցիկ օղիին մէջ փնտռեց իր անթափանց երազներուն ուրուականները:
Տան մթամած յարկին տակ զաւակները երբեք չվայելեցին անոր շուքն ու հովանին: Երեքն ալ իրենց նկարագիրները կերտեցին ազգային ու միութենական կառոյցներու մէջ եւ իրենց կեանքերը կապեցին նոյն կառոյցներուն հետ:
Գարունները կ’անցնէին, բայց Ապու Հայկի երդիքին տակ միայն աշնանային ցուրտ քամին կը փչէր: Կինը հազիւ չորս տղամարդու սպասարկէր: Անոնց սեղանին տաքուկ ճաշ մը հասցնէր, որուն մէջ պիտի կաթեցնէր նաեւ իր դժբախտի արցունքը:
Տիկին Ժագլինը մեղմ հոգի մը ունէր, աշխարհի վայելքներու համին անծանօթ: Աստուծոյ ձայնը լսող ու անոր պատուիրաններուն հնազանդ ծառան էր, ու կրցած էր, քիչ թէ շատ, Քրիստոսին տաճարը կառուցել երեք զաւակներուն սրտերուն մէջ:
«Պիտի համբերենք տղա՜ս, օր մը կ’արթըննայ ու կը վերադառնայ, Աստուծոյս ղուրպա՛ն ըլլամ, ինք ամէն բանի ժամանակը գիտէ», կ’ըսէր եւ աչքերը կամացուկ մը կը սրբէր թաքցնելու համար իր անհուն վիշտը:
Ու զաւակները մօր օրհնութիւնը ստացած յաջորդաբար դուրս եկան բոյնէն ու երկուքը գացին շատ ու շատ հեռուներ եւ տունը վերածուեցաւ ողջերու գերեզմանի:
Հասաւ անողոք պատերազմը:
Ապու Հայկը հանգստեան կոչուեցաւ: Այլեւս յանձնուած էր ձմրան բուք ու բորանին: Ժամերով տեղը քարացած, ծխախոտի կիսամեռ ծուխին հետ կը հետեւէր երկրի անհաւատալի արիւնածոր լուրերուն:
Կ’ափսոսար, արցունքները չէր կրնար զսպել, բայց նոյն խոժոռ, յուսալքուած, բայց ժլատ մարդն էր, օղիին հետ ունեցած մտերմութիւնը աւելի խորացած էր եւ յիշողութիւնը անընդհատ կը նահանջէր իւրաքանչիւր բաժակին հետ:
Մարդ ու կնիկ ա՛լ կապ չունէին իրարու հետ:
Խեղճ կնիկը, որու ինչ պատմէր, գէթ աղջիկ մը ունենար եւ իր սիրտը պատռէր անոր դիմաց, գուցէ քիչ մը հանգստանար:
* * *
Տարիներու կուտակուած քանի մը ղուրուշը վերջացաւ: Ապու Հայկը ի՞նչ ընէր, որո՞ւ դիմէր: Ո՛չ մէկ հարազատութեան կամուրջ պահած էր մէկու մը հետ: Պատերազմի այս դաժան օրերուն ամենահարազատ կամուրջն անգամ նեղ պիտի թուար անոր, մարդիկ հազիւ իրենց առօրեայ հոգերուն բոցով կը տապկուէին: Գիտէր նաեւ, որ զաւակները պաշտօնեաներ էին եւ իրենց ձեռքերը հազիւ հասնէր իրենց կոկորդներուն:
Բայց Քրիստոսի կառուցած տաճարները՝ իր զաւակներուն սրտերուն մէջ, երբեք չմնացին անարձագանգ անոր աղերսանքին դէմ: Երեքն ալ պարբերաբար կը զանգէին, իրենց բարի լոյսերով ու քանի մը զուարթ խօսքերով կը փորձէին բարձրացնել իրենց հօր վաղամեռ տրամադրութիւնը, մինչեւ որ օր մը ապու Հայկը, ծանրացած լեզուին կապանքը քակելով իր անդրանիկէն գումար խնդրեց:
Հայկը, որ տարիներով հեռացած էր Հալէպէն, անմիջապէս արձագանգեց հօր խնդրանքին.
– Դուն մի՛ մտահոգուիր պապս, միայն պիտի խնդրեմ, որ քու առողջութեանդ հանդէպ աւելի բծախնդիր ըլլաս, երբեք չկարծես մինակ ես, ես բան մը կ’ընեմ:
– Տղա՛ս, ի՞նչ առողջութիւն, իմ ապրիլս ա՛լ աւելորդ է, օրերս կը համրեմ:
– Ի՞նչ օրեր պա՛պ, ընդամէնը 70 տարեկան ես, մի՛ յուսահատիր, միայն շուրջդ լաւ նայէ՛, տե՛ս, պատերազմի օրերուն անգամ մարդիկ դեռ կը սպասեն գարունը:
– Ի՞նչ գարուն տղա՛ս, ես երբ գարունը տեսայ, զգացի, որ հիմա այս դժբախտ օրերուն գարունը սպասեմ, ես…
Եւ կապը անջատուեցաւ:
Այո, գարունը ուշացած էր. ապու Հայկը, որ կեանք մը ամբողջ վատնած էր մէկ քաղաքի մը մէջ, միանուագ ու միագոյն, ալ սպասելու ինչ բան ունէր…
Անծանօթ ուրուականի մը հալածանքէն փախչող մարդը այնպէս ալ երբեք չիմացաւ, որ զինք հալածող սեւ ստուերը՝ տգիտութիւնն էր, ընկերային քարացած կաղապարները եւ վերջապէս թերահաւատութիւնը:
Ու մնաց խոպան հողին նման, ուր ո՛չ մէկ գարո՜ւն ծաղկեցաւ եւ ո՛չ մէկ սէ՜ր ծիլ տուաւ տարիներով անոռոգ մնացած կեանքին մէջ:
Ու մնաց ապու Հայկը հոն՝ իր պատշգամին անկիւնը լքուած, թաղարներուն քով կիսատ ծխախոտ մը ձեռքին սպասելով, որ ծաղկին եւ անոնց բուրմունքով գուցէ հասնի իր «ուշացած գարունը»:
Կարօ Արսլանեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»