Այսօր Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ արտաքին ուժերու կողմէ սուրիական օդային տարածք որեւէ թափանցում յարձակում պիտի համարուի եւ համապատասխան հակադարձութեան արժանանայ։

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը նման հրահանգ տուած է Սուրիոյ օդուժին եւ օդային պաշտպանութեան համակարգին։

Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական օդային տարածքը ապօրինաբար ճեղքող որեւէ օդանաւ պիտի հալածուի եւ վար առնուի։