Բնաբան ունենալով Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին Հալէպի մասին արտասանած խօսքը, Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին, միջօրէի ժամը 1:00-ին, կազմակերպութեամբ՝ Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան, «Ապտ Ալլահ Պըն Ապպաս» մզկիթէն ներս տեղի ունեցաւ կրօնական հանդիսաւոր տօնախմբութիւն, նուիրուած՝ Հալէպի ամբողջական ազատագրման, սուրիական բանակին տարած յաղթանակներուն եւ նահատակներու անմեղ հոգիին:
Հանդիպումին ներկայ էին Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար՝ Մուհամմէտ Ապտուլ Սաթթար ալ Սեյիտին, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Ռամի ալ Ըպէյտ, Հալէպի Մուֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքամ, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներ, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնաւորներ եւ խուռներամ բազմութիւն: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն տօնախմբութեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ խումբ մը քահանաներու։

Հիւրընկալող մզկիթի քարոզիչը բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկաներուն, յայտնելով, որ այս տօնախմբութիւնը հայրենասիրական ապրումներ արտայայտելու եւ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացումներ յայտնելու եզակի առիթ մըն է: Հալէպի ամբողջական ազատագրման աւետաբեր լուրը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց հանրութեան մէջ: Անցնող օրերուն կազմակերպուեցան մեր ուրախութիւնը արտայայտող տօնական հաւաքներ, որոնց կարգին իւրայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ՝ Հալէպի կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս կրօնական տօնախմբութիւնը:

Այնուհետեւ, հայրենասիրական երգեր հնչեցին, ապա աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հաստատուն պահէ սուրիական հայրենիքը եւ խաղաղութեան ծիածանը ընդմիշտ շողայ Սուրիոյ երկնակամարին վրայ:

Տօնախմբութեան ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Հալէպի Մուֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքամը, Հալէպի մէջ գործող հանրածանօթ իսլամ կրօնաւորներ, որոնք իրենց ցնծութիւնը յայտնեցին, դիտել տալով, թէ Հալէպի ազատագրումը Աստուծմէ շնորհուած պարգեւ մըն է, որուն արժէքը պահելը անյետաձգելի պահանջք մը եւ բարոյական պարտականութիւն մըն է իւրաքանչիւր գիտակից քաղաքացիի համար: Անոնք երախտագիտական խօսք արտասանեցին Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին, որուն քաջարի կեցուածքը յոյս ներշնչեց բոլոր սուրիացիներուն: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Սուրիոյ բանակին, որ խիզախօրէն պայքար մղեց ընդդէմ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնք կը փորձէին երկրիս անդորրութիւնը խանգարել եւ խառնակ վիճակ ստեղծել:
Արտասանուած խօսքերուն մէջ անդրադարձ եղաւ նաեւ հալէպի ժողովուրդին, որոնք համբերատարութեամբ տոկացին բազմապիսի դժուարութիւններու, սակայն յոյսով ակնկալեցին խաղաղութեան հաստատումը եւ արդարութեան յաղթանակը:

Սրտի խօսք արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Սրբազան Հայրը լուսարձակի տակ առաւ նահատակ զինուորներուն զոհաբերութիւնը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Հալէպ քաղաքին ամբողջական տարածքը՝ իր բոլոր շրջաններով, արուարձաններով եւ գիւղերով:
Սրբազան Հայրը, Հայ Առաքելական Համայնքի անունով շնորհաւորեց համայն Հալէպի բնակչութիւնը մասնաւորաբար ներկաները՝ Հալէպի ամբողջական ազատագրման բերկրալի առիթով, մաղթելով որ սուրիական հայրենիքը վերագտնէ իր ամբողջական խաղաղութիւնը, յարաճուն վերելք ունենայ եւ բարգաւաճ ու բարօր օրեր վայելէ յանուն համերաշխութեան եւ արդարութեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յայտնեց, որ ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը հասան Սուրիա, ուր հրաշքով փրկուած հայ մնացորդները սրտբաց հիւրընկալուեցան սուրիացիներուն կողմէ, որոնք խաղաղ ապրելու պայմաններ ապահովելով առիթ ընծայեցին հայերուն, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կայք հաստատեն եւ իրենց բնական կեանքը շարունակեն:
Տէր Մասիս Եպս. նշեց թէ սուրիական ժողովուրդին սիրոյն նկատմամբ հայերը հաւատարիմ մնացին, փոխադարձ սիրով գոյակցեցան եւ արդի Սուրիան վերաշինելու համար դարձեալ պիտի գործակցին: Ան փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, դիտել տալով, թէ Հալէպի բնակչութիւնը կը վայելէ Աստուծոյ, երկրի Իմաստուն Նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին եւ հաւատարիմ բանակին զօրակցութիւնը, որմէ մեկնելով Սրբազան Հայրը նշեց, թէ նման իրողութիւն մը կ’ամրապնդէ հողին նկատմամբ կապուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խորացնէ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի մէջ:

Տօնախմբութեան աւարտին, եզրափակիչ խօսք արտասանեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար՝ Մուհամմէտ Ապտուլ Սաթթար ալ Սեյիտին, որ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ Սուրիան կը թօթափէ պատերազմի փոշին եւ կը վերահաստատէ, թէ խաւարային ուժերը չեն կրնար քայքայել երկիրը, այլ՝ միասնականութեան ոգին եւ հայրենասիրական վառ ապրումները տիրական ներկայութիւն են Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքէն ներս, ի մասնաւորի սուրիական բանակին համար, որ անդրդուելի մնալով քաջաբար դիմադրեց բոլոր տեսակի խափանարար միջամտութիւնները:
Յիշենք, որ նախարարը Դամասկոսէն ժամանած էր երկրի Վսեմաշուք Նախագահին թելադրանքով՝ ի պաշտօնէ ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր այս տօնախմբութեան: