«Արցախփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է յայտարարելով, որ կառավարութեան արտակարգ հեռակայ որոշումով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով կասեցուած է` քորոնա ժահրի տարածման վտանգին պատճառով:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հիմնուելով ՀՀ Պետական սահմանի մասին օրէնքի 16-րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերի վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման սպառնալիքի պարագային պետական սահմանով հաղորդակցութեան առժամեայ դադրեցման, կառավարութիւնը արտակարգ հեռակայ որոշում կ՛ընդունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով դադրեցնելու մասին:

Մասնաւորապէս, կը դադարեցուին Իրան-Հայաստան օդային հաղորդակցութիւնն ու Մեղրիի սահմանային անցակէտով անհատներու մուտքը Հայաստան: Կը տեղեկացնեմ նաեւ, որ առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ քորոնա ժահրի տարածումը կանխարգիլող յանձնաժողովի նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկենք մեր հետագայ քայլերն ու անոնցմէ բխող ձեռնարկները:

Այս յանձնաժողովը, ի դէպ, կը գործէ 31 Յունուարէն ի վեր: Ամէն պարագսյի, հարկ է ընդգծել, որ խուճապային տրամադրութիւն տարածելու ոչ մէկ հիմք կայ: Այսպիսի արարքներ ամէն պարագայի վնասակար են»: