«Արմէնփրէս».- Միջերկրածովեան երկրաշարժային կեդրոնի կայքը կը հաղորդէ, որ 23 Փետրուարին, տեղական ժամով 19:30-ին (Երեւանի ժամով ժամը 20:00-ին) գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 38.140 եւ արեւելեան երկայնութեան 44.480 աշխարհագրական տարածքին մէջ, Իրանի Սալմաս քաղաքէն 34 քմ. հիւսիս-արեւմուտք, օճախի 10 մ. խորութեամբ, 5,8 ծաւալով երկրաշարժ:
Ստորգետնեայ ցնցումին ուժգնութիւնը 8 բալ եղած է:
Երկրաշարժը զգալի եղած է նաեւ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ: