«Երկիր»- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի բացումին ըսաւ, որ Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորին թիկունքը հայկական երկրորդ բանակն է՝ ՀՅԴ Հայ Դատի ցանցը, որ աշխարհով մէկ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը։
Խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ Երեւան ու Ստեփանակերտ՝ 24-25 Փետրուարին։ Անոր կը մասնակցին 20 երկրի 50 ներկայացուցիչներ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց այն 4 ուղղութիւնները, որոնց շեշտադրումով կ՛աշխատին Հայ Դատի գրասենեակները, եւ որոնք կը քննարկէ նաեւ խորհրդաժողովը։
Առաջինը Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու ուղղութիւնն է․ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, Հայ Դատի յանձնախումբերը պետականութեան ամրապնդման աշխատանքին լծուած են, ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Արցախի Հանրապետութեան պարագային առաջնահերթութիւնը նախ՝ ազատագրումէն ետք հիմնահարցի լուծում գտնելն է ինքնորոշման իրաւունքի կիրառումով, միւս կողմէ, Արցախի ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն առաջ մղելը․ «Այս աշխատանքը եւս առաւել արդիւնաւէտ եւ նպատակաուղղուած առաջ տանելու ենք»։
Միշտ չէ, որ աշխատանքի յստակ արդիւնքը մնայուն կը դառնայ․ «Ուրեմն զգօնութիւնը անհրաժեշտ է պահել, ամէնօրեայ աշխատանքը անհրաժեշտ է պահել, իսկ մեր գրասենեակները,– որոնք ունին արհեստավարժ Հայ Դատի զինուորներ, որոնք տարին 365 օր, շաբաթը՝ 7 օր, օրը՝ 24 ժամ կ՛ապրին ու կը գործեն Հայ Դատով,– արթուն պահակներն են, որոնք կը հսկեն ամրապնդելու մեր ձեռք բերած արդիւնքները եւ նոր յաղթանակներ կերտելու»։
Երկրորդ ուղղութիւնը անցեալի դասական օրակարգն է, որ այսօր յաջորդ փուլ մտած է՝ 30-ամեայ անկախութեան շրջան, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցն է մինչեւ վերջնանպատակ՝ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պահանջատիրութիւն․ «Տարիներով հետապնդած մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը կեանք ստանալու համար օրինական ուսումնասիրութիւններու դաշտը իսկապէս պէտք է զարգանայ, ՀՅԴ-ն որոշեց ստեղծել նաեւ Հայ իրաւական կեդրոն, որ արդէն հիմնուած է Ուաշինկթընի մէջ եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ամբողջ աշխարհէն ներկայացուցիչներ ներգրաւուած են։ Նպատակն է առաջ մղել ցեղասպանութենէն բխած, Սեւրէն բխած մեր պահանջատիրութեան դատը, ինչպէս նաեւ տեսնել, քննարկել եւ մեզ այլընտրանքներ ներկայացնել Արցախի յաղթանակի դիւանագիտական ամրապնդման այլընտրանքներուն մասին»։
Երրորդ ուղղութիւնը հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու հարցն է։ Հայաստանէն աքսորի 70 երկար տարիներուն ՀՅԴ-ն աշխատանք տարած է, որ հայութիւնը մնայ միասնական, հայրենակեդրոն եւ Սփյուռքի մէջ կազմակերպուի ան ու իր աշխատանքը։
«Անկախ ասկէ, վերջին տարիներուն կը տեսնենք դրական երեւոյթ մը, որ պէտք է մեր ուշադրութեան առարկան եւ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը ըլլայ․ ատիկա հայութեան վերադարձն է։ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէ հեռացած, բայց հայութեան կարօտը ունեցող եւ դէպի հայութիւն վերադարձող զանգուածներու հետ աշխատանքի կարեւորութիւնն է», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Այս բաժինին վերջին ենթամասը յարաբերութիւններն են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող այլ ազգային փոքրամասնութիւններու՝ քիւրտերու, տերսիմցիներու, լեզկիներու հետ եւ նաեւ աշխարհով մէկ գործակցութիւնը այն ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք հայերուն հետ նմանօրինակ անցեալ եւ նման ճակատագիր ունեցած են, երբ Օսմանեան Կայսրութեան մաս կազմած են՝ յոյն, ասորի, կիպրացի գաղութներու մասին է խօսքը։
Չորրորդ եւ վերջին ուղղութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքականացման հարցն է, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացումէն յետոյ զայն տարբեր աշխատանքներու մղելը․ «Որպէսզի երբեմն ալ բերդը ներսէն գրաւենք»։
ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակները շարունակական կապի մէջ են արտաքին գործերու նախարարութիւններու հետ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի պարագային, որպէսզի թէ՛ համադրեն կատարուած աշխատանքը, եւ թէ, մօտեցումները տարբեր ըլլալու պարագային, փոխանակեն տեղեկատուութիւնը։
«Այս իշխանութեան օրօք առաջին այդ համադրումի սեմինարը տեղի ունեցաւ երէկ եւ արտաքին գործոց նախարարի ու փոխնախարարներու հետ ունեցանք երկու ժամնոց գործակցութեան եւ տեղեկատուական փոխանակման սեմինար, որ ինքնին գօտեպնդիչ էր, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ կը ծառայենք նոյն նպատակին, որն է՝ Հայաստանի ամրապնդումը, Արցախի ամբողջական ազատագրումը եւ Հայ Դատի մեր պահանջատիրութեան հետապնդումը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։
Խորհրդաժողովի օրակարգին այս 4 ոլորտներն են, բայց պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, առհասարակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ պայքարի նոր փուլը, Ջաւախքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
«Ջաւախքի պարագային, բնականաբար, որպէս ամբողջովին հայութեամբ բնակեցուած տարածք, մեր քոյրերն ու եղբայրները այնտեղ պէտք է ունենան նուազագոյն կարելիութիւնը, որպէսզի չմաշի իրենց ազգային նկարագիրը եւ որպէսզի կարենան վայելել անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներ, որոնք, երբեմն օրէնքով եւս ամրագրուած են, բայց յաճախ չեն իրարկանանար», ընդգծեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ պոլսահայութեան օժանդակութեան հարցը։
Խորհրդաժողովը պիտի համադրէ մարտավարական քայլերը, քանի որ մէկուն կողմէ գործադրուող յատուկ ծրագրերը կրնան օգտակար օրինակ ըլլալ մէկ այլին համար։ «Անհրաժեշտ է, որ այդ յաջողած փորձը կարենանք փոխանակել», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքը կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, նախատեսուած է նաեւ հանդիպում նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․

 

Աննա Պալեան