Իրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն ի յայտ եկած է, որ ընտրուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած 2 թեկնածուներ: Անոնցմէ մէկը Ջուղայի մէջ առաջադրուած Ռոպերթ Բեգլարեանն է, որ արդէն խորհրդարանին մէջ Հարաւային Իրանի քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչն էր: Միւսը Թեհրանէն այս անգամ առաջադրուած Արա Շահուերտեանն է: