Ուրբաթ, 21 2 2020–ի երեկոյեան ժամը 7:00 –ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի կազմակերպած Վարդանանցի տօնակատարութիւնը , բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսեան: Տօնակատարութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհի. Տէր Յովսէփ Եպս. Արնաութեան , Գերպ. Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան , Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան , միութիւններու ներկայացուցիչներ ,հիւրեր եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն մը:
Վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց , ուր յիշեց «Վասն Հայրենեաց ,վասն Հաւատոյ մղուած Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ազգային կրօնական տօներէն մէկն է , որ ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը յիշատակէ համայն հայութիւնը: Վարդանանք նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, գոյատեւենք: Միայն տօնել եւ հպարտանալ բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու: Պէտք է դառնանք Վարդանանց հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները, գիտակցինք մեր ինքնութեան արժէքին, հաւատարիմ մնանք քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին,անաղարտ պահենք հայ լեզուն , պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ փոխանցենք զանոնք սերունդէ-սերունդ ,որպէս աւանդ եւ մասունք»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Մարի Յովսէփեան , որ «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ խոհրդաւոր պահ մը պարգեւեց ներկաներուն: Ապա «Բարի Արագիլ»ի երգեցողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Սերուժ Ղազարեան երգեց « Հայրենիքիս Հետ»ը եւ հայրենասիրութեամբ ոգեշնչեց բոլորը: Ջութակով «Ազգ Փառապանծ» երգին մեղեդին նուագեց Արէն Սեդիկեան: Ան իր հմայիչ կատարողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Այնուհետեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ հրամցուցին փունջ մը վարդանանցի երգեր եւ արտասանութիւններ՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին:
Գերապայծառ հայրը Վարդանանց տօնին առիթով իր սրտին խօսքը արտասանեց ըսելով. «Վարդանանց ճակատամարտը եղաւ համայն հայութեան հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդի կարկառուն դէմքերը ինչպէս՝ Վարդան Մամիկոնեան,Ղեւոնդ Երէց, Սահականոյշ եւ ուրիշներ մասնակցեցան պատերազմին , պահպանելու համար հայ ազգը , լեզուն եւ մշակոյթը»: Ան բարձր գնահատեց աշակերտները, որոնք իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով վառ կը պահեն Վարդանի կտակը:
Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Վարդանանց տօնին պատգամը ուղղեց ներկայ հանդրիսականներուն: Ան Աւարայրի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին , որոնք կը պարտինք սուրիական բանակին եւ անոր իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին : Ան կարեւորութեամբ յայտնեց , որ երբ գոյութիւն կ’ունենան կամքը ,տեսիլքը , հաւատարմութիւնն ու հայրենիքին համար զոհուելու ատրաստակամութիւնը՝ այն ատեն է որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ յաղթական այս օրերուն կրկնակի ուրախութիւն ապրեցանք՝ Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով, որուն համար Հալէպէն ժամանելով մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցինք Սուրիոյ ղեկավար մարմիններուն: Ան անդրադառնալով Վարդանանց խորհուրդին եւ պատգամին ըսաւ, որ ան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղաւ ճակատագրական պահ մը՝ շնորհիւ մեր քաջարի, հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարներուն, որոնք զոհողութեամբ պահեցին մեր ազգային –կրօնական արժէքները: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ.
« 451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնելու բոլոր փորձերը: 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով եւ հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնքի ազատութիւնը, հայրենիքի անկախութիւնը: Թէեւ Յազկերտը յաջողեցաւ հայուն մարմինը սպաննել , սակայն հայու հոգին մնաց կենդանի եւ կենդանացնող»:
Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Վարդանանցը մեզ կը պատգամէ պահպանել մեր լեզուն , մշակոյթը եւ ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը, այյլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին կեանքին առանցքը:
Վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, որ իր ներկայութեամբ եւ պատգամով ոգեչնշեց մեզ:
Աւարտին սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ժողովուրդին: Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: