Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատուն (Դամասկոս) եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանին հետ:

ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան ջերմօրէն ողջունելէ ետք Վեր. Համայնքապետը, կողմերը քննարկեցին ներկայ զարգացումները եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիով տարած աշխատանքը եւ իրենց ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ կառավարութեան այս երախտարժան քայլին առընթեր։

Հանդիպումի աւարտին արծարծուեցան հայապահպանման շրջագիծէն ներս սփիւռքահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջական գործակցութեան Հ.Հ. Իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի բարեկեցիկ ընթացքին առնչութեամբ։ Կողմերը շնորհակալութեամբ անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի մասնագէտներուն։

Աւելցնենք, որ անոնք լուսարձակի տակ առին սուրիական բանակին յաղթանակները, յատկապէս Հալէպի ազատագրման ուրախալի իրադարձութիւնը, մաղթելով ամբողջական ազատագրումը Սուրիական հայրենիքին։