«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով 25 Փետրուարին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը պարգեւատրուած է «Երախտագիտութիւն» մետալով` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած գործուն գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման բերած նշանակալի աւանդին համար:
«Երախտագիտութիւն» մետալը Բակօ Սահակեանը յանձնած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէրխաչատուրեանին` Ստեփանակերտի մէջ ընթացող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին ընթացքին: