Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի Տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը հաղորդեն, որ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Փետրուարին ընդունած է ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէրխաչատրեանը:
Հանդիպումին, որուն մասնակցած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: