«Երկիր».- 26 Փետրուարին, ժամը 11-ին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս ՀՀ ԱԺ եւրոպական ներդրման հարցերու մշտական յանձնաժողովը կը հրաւիրէ խորհրդարանական լսումներու` նուիրուած ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարման գործընթացին:

Պիտի քննարկուին ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրի կիրարման ընթացակարգային եւ բովանդակային կողմերը, համաձայնագիրի շրջանակներէն ներս իրականացուող եւ նախանշուող երկկողմ ծրագիրները, այս գործընթացին քաղաքացիական հասարակութեան հետ գործակցութեան ձեւաչափերն ու ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ` համաձայնագիրի կիրարման նկատմամբ խորհրդարանական վերահսկողութեանն առնչուող հարցեր: