Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, Ռուսիոյ Նախագահութեան բանբեր Տիմիթրի Փեսքով հաստատեց, որ թրքական վարչակարգը Սոչիի համաձայնութեան առնչուող իր պարտաւորութիւնները չյարգեց, յայտնելով, որ Իտլիպի ահաբեկիչները մինչեւ օրս զէնք ու զինամթերք կը ստանան Թուրքիայէն:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած էր Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, իր մտահոգութիւնը յայտնելով Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն գծով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը քանիցս զգուշացուցած էր Անգարան Իտլիպի ուղղութեամբ որեւէ զինուորական յարձակումէ կամ անոր կացութեան վերաբերող ընդվզեցուցիչ յայտարարութենէ:
Այս շրջագիծէն ներս Փեսքով «Ռուսիա 24»ին յայտնեց, որ Հոկտեմբեր 2018-ին, Ռուսիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Սուրիոյ շուրջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը եւս ամրագրած էր Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ տագնապի քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը: