Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին, Հալէպի Հայ համայնքապատկան Աւետարանական Վարժարաններու «Աշակերտական Գիտական Ցուցահանդէս»ը չորրորդ տարին ըլլալով պաշտօնապէս բաց յայտարարուեցաւ Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Բեթէլ եկեղեցւոյ «Փօլատեան» սրահէն ներս։
Սոյն ձեռնարկին իրենց ներկայութիւնը բերին Հալէպի Պաաս Կուսակցութեան Կեդրոնական գրասենեակի անդամներ, Հալէպի Կրթութեան Տնօրէնութիւնը, Կրթութեան գրասենեակի Նախագահը, հալէպահայ մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ինչպէս նաեւ այլ հրաւիրեալներ։
Ցուցահանդէսին զետեղուած էին տարբեր մասնագիտութիւններու վերաբերող բազմազան գիտական աշխատանքներ: 100 մասնակից աշակերտներու եւ անոնց ներկայացուցած 65 գիտական հետազօտական ձեռքբերումներով օժտուած ցուցահանդէսը ներկաներուն անգամ մը եւս յուշեց, որ մեր աշակերտները խրախուսանքով, հետեւողականութեամբ կրնան գիտական բարձր ձեռնհասութեամբ նոր նուաճումներ արձանագրել եւ հասնիլ լաւագոյնին:
Սրահը բաժնուած էր տաղաւարներու, իւրաքանչիւր բաժանումը դասաւորուած էր ըստ նիւթերու խմբաւորման. այսպէս՝ մեքենամարդ (ռոպոթիքս), բժշկական, կենսաբանական, աշխարհագրական, երկրագործական, բուսական, հիտրոլիք, քիմիագիտական, բնագիտական, սննդառական եւ տարրալուծական բաժիններու։
Մասնակից աշակերտներու աշխատանքը չորս վարժարաններու քննիչ յանձնախումբին կողմէ սերտուելէ եւ զտուելէ ետք ցուցահանդէսին ներկայացնելու իրաւունք ստացած է:
Բացման հանդիսութեան Համայնքապետ Վերապատուելին եւ իրեն ընկերակցող հիւրերը շրջագայեցան մէկ առ մէկ բոլոր տաղաւարները: Անոնք ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ դիտեցին մատուցուած աշխատանքները:
Աւարտին Վերապատուելին խօսք առնելով ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն գիտական ցուցահանդէսը երաշխիքն է դպրոցական ուսումնառութեան յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքին: Ան աւելցնելով ըսաւ, որ Հալէպի ազատագրումի այս յաղթանակի օրերուն, երբ վերականգնումի եւ վերաշինութեան փուլ կ’անցնինք՝ մեր հիմնական կիզակէտն ու առանցքը պէտք է կազմեն մեր նաեւ մեր գալիք սերունդներուն ուսումնակրթական բարձրորակ մակարդակը: Համայնքապետը շեշտեց, որ նորահաս սերունդին հանդէպ մենք պարտաւոր ենք բծախնդիր եւ հետեւողական մօտեցում ցուցաբերել, որպէսզի վերլուծողական միտք ունեցող երիտասարդութիւն ունենանք մեր շրջանակներուն մէջ:
Աւարտին բոլոր մասնակիցները պարգեւատրուեցան համապատասխան վկայագիրներով ու յուշանուէրներով։
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան