Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ շրջանը երկրի տարածքին վերականգնուող խաղաղութեան հետ կ’ապրի վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման շրջան։ Միութեանս մասնաճիւղերն ու միաւորները ամսուան գրեթէ բոլոր շաբաթները ունեցան այլազան գործունէութիւններ։
1_ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
Ա. «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղ, Հալէպ
Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, յանձնախումբերու ընկերները Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, համախմբուելով «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահէն ներս, երգով ու պարով, խինդով, ծիծաղով, ընկերային մտերմիկ մթնոլորտով, յանձնախումբերու ծանօթացման հաճելի երեկոյ մը անցուցին։
Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ամսուան ընթացքին սկիզբ առաւ ասմունքի դասընթացքը։ Ընկհ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի ցուցմունքներուն հետեւելով, միջնակարգի 22 աշակերտներ կը մասնակցին դասընթացքին։
Մասնաճիւղի ընկերները համախմբուելով Զաւարեան մշակութային կեդրոնէն ներս Տեառնընդառաջի նախատօնակը յիշատակեցին աւանդական խարոյկի հրավառութեամբ, 13 Փետրուար 2020-ին։ Նոյն օրը երեկոյեան, Ընկերային Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «White» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սիրոյ Տօնի երիտասարդական խրախճանք։ Իսկ Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ի կէսօրին, Տիկնանց Յանձնախումբը կազմակերպած էր Բարեկենդանի ճաշ՝ «Մարպըլ» ճաշարանէն ներս։
Կիրակի, 16 Փետրուար 2020 ին, մասնաճիւղի վարչութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Արմէն Սարգսեանին։ Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Բ. «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղ, Լաթաքիա
Մասնաճիւղի վարչութիւնը 14 Փետրուար 2020-ին կազմակերպած էր Սիրոյ Տօնի պարահանդէս, «Ալ Տար» ճաշարանէն ներս։ Պարահանդէսը ընթացաւ ճոխ մթնոլորտով եւ բարձր տրամադրութեամբ։
Գ. «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղ, Քեսապ
Կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան տեղի ունեցաւ «Ես կարդալ կը սիրեմ» վերնագիրով փոքրիկներու նուիրուած ձեռնարկ, 7 Փետրուար 2020-ին։ Ձեռնարկին ընթացքին փոքրիկները լսեցին պատմութիւններ, խաղացին խաղեր, ստացան նուէրներ եւ հիւրասիրուեցան: Օրուան մեծ անակնկալն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի այցելութիւնը հոն գըտնուող փոքրիկներուն։ Սրբազան հօր ներկայութեամբ ամբողջացաւ բոլորին ուրախութիւնը:
Դ. «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղ, Դամասկոս
9 Փետրուար 2020-ին, միութեանս Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Դամասկոսի մէջ նշանակեց «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղի նոր վարչութիւնը:
Նորանշանակ վարչութիւնը անմիջապէս անցաւ աշխատանքի եւ 21 Փետրուար 2020-ին կազմակերպեց Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւն: Օրուան բանախօսն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Ձեռնարկի յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանէն խումբ մը տաղանդաւոր աշակերտներ։
2_ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ
Ա. «Զուարթնոց» երգչախումբի միաւոր
Միաւորի վարչութիւնը 22 Փետրուար 2020-ին, «Քաֆէին» ճաշարանէն ներս կազմակերպեց «Երգեցիկ Երեկոյ-3» ձեռնարկը, որուն ընթացքին երգչախումբի մենակատարներէն խումբ մը հանդէս եկաւ ժողովրդական ու աշուղական երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ բժ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։
Երգչախումբը կը շարունակէ փորձերը, յառաջիկայ ամիս բեմ բարձրանալու իր տարեկան ելոյթով, ղեկավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։
Բ. Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ
 Հայագիտական հիմնարկը ամսոյս ընթացքին սկսաւ 2019-2020 տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակի դասաւանդութիւնները, առժամաբար փոխադրուելով «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն։ Այս առիթով Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, հիմնարկի նորանշանակ վարչութեան նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան հիմնարկի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, վարչութիւնն ու Շրջ. Վարչութիւնը։ Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան հիմնարկը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս դասանիւթերու բովանդակութեան ու մատուցման, ինչպէս նաեւ ուսանողներուն առնչուող հարցեր։
Գ. «Լեւոն Շանթ» Թատերական Միաւոր
Ամսոյս ընթացքին, միաւորի Օժանդակ Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ պատանի դերասաններու պատրաստման դասընթացքը, ղեկավարութեամբ բեմադիչ Էլիա Քաճմինիի։ Դասընթացքի մասնակից պատանիները, աւարտին պիտի կազմեն միաւորի մանկապատանեկան խմբակը։
Միաւորի Վարչութիւնը 29 Փետրուար 2020-ին կազմակերպած է դիմակահանդէս, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզէն ներս։ Ձեռնարկը կը ներառէ ընթրիք եւ խրախճանք։
Յառաջիկայ ամսուան ընթացքին միաւորը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հալէպի Հայ Թատերախումբեր համախմբումի կազմակերպած Թատրոնի Միջազգային Օրուան հանդիսութեան։
Դ. «Զաւարեան» Մշակութային Կեդրոն
Ամսոյս ընթացքին, սկիզբ առաւ «Զաւարեան» Մշակութային Կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներու առաջին փուլը, վերահսկողութեամբ կեդրոնի հոգաբարձութեան եւ Շրջ. Վարչութեան։
13 Փետրուար 2020-ին մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան նախկին անդամներէն համազգայինական, ազգային ու միութենական վաստակաւոր գործիչ ընկ. Սարգիս Մարութեան, որուն թաղման կարգին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի մեծ ընտանիքը։
Համազգայինի Սուրիոյ
Շրջ. Վարչութեան Քարոզչական
Կեդր. Յանձնախումբ